«ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԵՐԱԶՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏՐԱՆՔՆԵՐԸ ԵՐԲԵՔ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉԴԱՌՆԱՆ»
Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցային ուղիներու հաւանական ապաշրջափակման։ Ան վերահաստատեց Թեհրանի դիրքորոշումը, ըստ որու ապաշրջափակումը որեւէ անպատեհութիւն չունի, սակայն ապահովաբար այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ երկիրներու ազգային եւ պետական ինքնիշխանութեան ներքեւ։ Դեսպանը իր երկրի դիրքորոշումը արտայայտեց Հարաւային Կովկասէ ներս թէ՛ հաղորդակցութեան ուղիներու հաւանական բացման եւ թէ անոնց վերահսկողութեան շուրջ։
«Ապաշրջափակման խնդրի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը լիովին պարզ եւ ակնյայտ է։ Մենք դէմ չենք ապաշրջափակման, սակայն, մենք վստահ ենք, թէ ապաշրջափակման շրջանակին մէջ բոլոր գործողութիւնները պէտք է տեղի ունենան ազգային եւ պետական ինքնիշխանութեան ներքեւ։ «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ բոլոր երազներն ու պատրանքները երբեք իրականութիւն պիտի չդառնան», ըսաւ ան։
Դեսպան Սոպհանի անդրադարձաւ նաեւ այն դիտարկման, թէ վերջին ապաշրջափակման համատեսքին մէջ կը քննարկուի այդ հաղորդակցութիւններու երրորդ երկիրներու վերահսկողութեան տակ թողնելու հաւանականութիւնը։ Ան նշեց, որ այս կապակցութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը իր դիրքորոշումը շատ յստակօրէն արտայայտած է։ «Մենք վստահ ենք, թէ բոլոր վերահսկումները պէտք է ամբողջապէս ըլլան Հայաստանի կառավարութեան եւ այս վերջնոյն ինքնիշխանութեան ներքեւ», ըսաւ ան։ Բաց աստի, դեսպանը յայտարարեց, որ հիմա ոչ թէ 19-րդ այլ 21-րդ դարն է։ Ուստի, երկիրները ունին անկախութիւն, ինքնիշխանութիւն եւ կ՚իրականացնեն այդ իրաւունքները։
«Արմէնփրէս»ի համաձայն, Սոպհանի բացայայտօրէն յայտնեց, որ Իրան դէմ է՝ Ատրպէյճանի բուն տարածքը եւ Նախիջեւանը Սիւնիքով կապելիք ճանապարհի վրայ վերահսկողութեան այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու կողմէ հաստատման։ Ան այս արտայայտութիւնը ըրաւ, երբ իրեն յիշեցուեցաւ, թէ ճանապարհին վերահսկողութիւնը կրնայ յանձնուիլ մասնաւոր պահորդական ընկերութեան մը։
«Մենք կողմնակից ենք, թէ այն ինչ, որ կը կատարուի, ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքեւ։ Որեւէ վերահսկողութիւն պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ու մենք կողմնակից չենք, որ այլ երկիրներ գան այստեղ ու փորձեն ինչ-որ անվտանգութիւն եւ վերահսկողութիւն սահմանել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ լսած է մասնաւոր ընկերութեան վերաբերեալ խօսակցութիւնները։ Յամենայնդէպս, Սոպհանի շեշտեց, որ իր տեղեկութիւններով՝ խօսքը անվտանգութեան ապահովման մասին չէ։ «Խօսքը կը վերաբերի այն հանգամանքին, թէ որեւէ առեւտրային ընկերութեան ներկայացուցիչ իր բեռը փոխադրելու ժամանակ կրնայ ներկայ ըլլալ այդ ճանապարհին», ըսաւ ան ու շեշտեց, թէ իր տեղեկութիւններով՝ ճանապարհի անվտանգութիւնն ու վերահսկողութիւնը պիտի երաշխաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ։