ԱՏՐ­ՊԷՅ­ՃԱՆ ՏՆՏԵ­ՍԱ­ԿԱՆ ՏԱԳ­ՆԱ­ՊԻ ՇԵ­ՄԻ՞Ն

Ատր­պէյ­ճա­նի տնտե­սու­թիւ­նը գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ հիմ­նուած է քա­րիւ­ղի ար­տա­հան­ման վրայ։ Կաս­պից ծո­վու քա­րիւ­ղի եւ կա­զի հան­քե­րը կը հան­դի­սա­նան աշ­խար­հի եր­րորդ խո­շո­րա­գոյն պա­շա­րը, սա­կայն անս­պառ չեն ա­նոնք։ Հինգ տա­րի ա­ռաջ այս ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը հա­սած էին ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին, բայց վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ա­նոնց քա­նա­կի նուա­զու­մը պար­տադ­րած էր գի­նի յա­ւե­լում թէ՛ տե­ղա­կան եւ թէ մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի վրայ։

Իշ­խող Ա­լիեւ ըն­տա­նի­քի մօտ յա­խուռն եւ ար­կա­ծախն­դիր հա­րիւ­րի չափ գոր­ծա­ծար­ներ Պա­քուի ա­մե­նա­խո­շոր դրա­մա­տան մի­ջո­ցաւ հսկա­յա­կան գու­մար­նե­րու փո­խա­ռու­թեամբ Կաս­պից ծո­վե­զե­րեայ շրջան­նե­րու վրայ սկսած էին կա­ռու­ցել կղզի­ներ, աշ­խար­հի ա­մե­նա­բարձր եւ ա­մե­նաշ­քեղ զե­խու­թեամբ շէն­քե­րով։ Բայց այ­սօր, ա­նոնց­մէ շա­տեր բան­տե­րու մէջ են, ո­րով­հե­տեւ ան­կա­րող են դրա­մա­տան ի­րենց պարտ­քե­րը վճա­րե­լու։

Մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­գէտ­ներ ան­ցեա­լին ի զուր յանձ­նա­րա­րած էին քա­րիւ­ղի եւ կա­զի հա­սոյթ­նե­րէն զատ երկ­րին տնտե­սու­թիւ­նը հիմ­նե­լու նաեւ այլ ե­կամ­տա­բեր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու վրայ։ Քա­րիւ­ղի եւ կա­զի ար­տադ­րու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տէն հինգ տա­րի ետք, տա­կա­ւին ու­ժա­նիւ­թի ար­տա­ծումն է, որ կ՚ա­պա­հո­վէ երկ­րին ե­կա­մու­տի 70 առ հա­րիւր տո­կո­սը եւ ար­տա­ծում­նե­րու 95 առ հա­րիւր տո­կո­սը։ Քա­րիւ­ղի տա­կա­ռի նուա­զա­գոյ­նը 90 տո­լա­րի գի­նով վա­ճառ­քէն է միայն, որ եր­կի­րը կրնար հա­ւա­սա­րակշ­ռել իր տնտե­սու­թիւ­նը։ Բայց քա­րիւ­ղի հա­մաշ­խար­հա­յին գի­նի ան­կու­մը, ա­ռա­ւել ար­տադ­րու­թեան նուա­զու­մը անհ­րա­ժեշտ կը դարձ­նէին ե­կա­մուտ­նե­րու տար­բեր աղ­բիւր­նե­րու գո­յու­թիւ­նը, ո­րոնց բա­ցա­կա­յու­թեան, Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը կը ստի­պուէր այս տա­րուան Փետ­րուա­րին մէկ եր­րոր­դով ար­ժէ­քազր­կե­լու երկ­րին դրա­մը (մա­նաթ), եւ շատ հա­ւա­նա­բար քա­նի մը ա­մի­սէն պի­տի ստի­պուի ան­գամ մը եւս մա­նա­թը ար­ժէ­քազր­կե­լու։

Ա­լիեւ տա­կա­ւին կը յո­խոր­տայ իր եր­կի­րը ցոյց տա­լով իր­բեւ այ­լընտ­րանք մը Ռու­սաս­տա­նի՝ որ­պէս Եւ­րո­պա­յի քա­րիւղ եւ կազ հայ­թայ­թո­ղը, ՆԱ­ԹՕ-ի եւ Իս­րա­յէ­լի գոր­ծըն­կեր մը, եր­կու տա­րի ա­ռաջ Եւ­րո­տե­սի­լի եր­գե­րու եւ այս օ­րե­րուն՝ որ­պէս Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րու հիւ­րըն­կա­լը, որ պի­տի ար­ժէ 8 մի­լիառ տո­լար։

Այս օ­րե­րուն Պա­քուի կեդ­րո­նա­կան շքեղ շրջա­նին մէջ բազ­մա­ցած են ծա­խու կամ վար­ձու կա­լուած­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Իբ­րեւ ոչ-ու­ժա­նիւ­թի ե­կամ­տա­բեր գոր­ծու­նէու­թիւն, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը ջա­նայ զար­գաց­նել զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը, նոր կա­ռոյց­նե­րը վե­րա­ծե­լով ար­դիա­կան պան­դոկ­նե­րու։ Միւս կող­մէ, վի­զա­նե­րու խստու­թիւ­նը կը մնայ ան­փո­փոխ եւ կ՚ա­ւել­նայ քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու թի­ւը։ Միայն Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րու առ­թիւ ձեր­բա­կա­լուած են ութ­սուն քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­ներ։ Իսկ բազ­մա­թիւ խա­նութ­պան­ներ զայ­րա­ցած են ոս­տի­կան­նե­րու կող­մէ «Ո­ղիմ­պիա­կան տուրք»ի պա­հանջ­նե­րուն հա­մար։

Հարց կը ծա­գի, թէ Իլ­համ Ա­լիեւ պի­տի կա­րե­նա՞յ զու­գըն­թաց ա­պա­հո­վել իր երկ­րի տնտե­սա­կան ու­ժը եւ ու­րեմն՝ քա­ղա­քա­կան ա­զա­տու­թիւ­նը։

Քա­ղեց՝ Յ. Ա.

«Ապագայ», Գանատա

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015