2024-2025 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ ԱԶԴԱՐԱՐԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ ԱՐԴԷՆ ՀՆՉԱԾ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր սկսած է 2024-2025 կրթական շրջանը։ Առաջին զանգը հնչած է նաեւ պոլսահայ վարժարաններէն ներս։ Վերամուտը կու գայ բնորոշել նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաշխուժացումը։ Արդարեւ, պոլսահայ վարժարաններու ցանցէն կախում ունի համայնքային կեանքի ամբողջ կենսունակութիւնը։
Վերամուտը թէեւ թարմ յոյսերու եւ նորովի ոգեւորութեան շրջան մըն է, սակայն, բոլորին ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն ան կու գայ համայնքի հաւաքական մտքին մէջ լռելեայն ամրապնդել բազում հարցականներ։ Նիւթական ծանր բեռի մը եւ անարդիւնաւէտութեան ճիրաններուն մէջ է պոլսահայ կրթական համակարգը, որու մատնուած փակուղին յաղթահարել կարելի չ՚ըլլար հաւաքական կամքի եւ վարչական միասնական տեսլականի մը բացակայութեան հետեւանքով։ Ցաւալի է դիտարկել, որ պոլսահայ վարժարաններուն գոյութիւնը այսօր պայմանաւորուած է միայն ինքնանպատակ, անհեռանկար մղումներով՝ մարդուժ պատրաստելով այս հաւաքականութեան ապագան հնարաւորինս երաշխաւորելու պայքարէն անդին։
Այս բոլորով հանդերձ, պոլսահայ վարժարանները այսօր վերստին բացած են իրենց դռները եւ այն աշակերտները, որոնք նախընտրած են զանոնք, բռնած են անոնց ճամբան։ Եւ դարձեալ այդ նոյն աշակերտներն են, որոնցմէ առաւել չափով կախում պիտի ունենայ այս համայնքի ապագան։
Վերամուտի առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք պոլսահայ վարժարաններու աշակերտները, բոլոր կրթական մշակներն ու տնօրէնները, պաշտօնէութեան անձնակազմերը, հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ մատակարար մարմինները՝ մաղթելով յամառ աշխատանքի համար եռանդ ու յաջող շրջան մը։