Էյմի Շումըր
Այրերու տիրական ներկայութեամբ յատկանշուող կատակերգութեան ասպարէզին մէջ վերջին տարիներուն սկսած է «գլուխ ցցել» գրող, դերասանուհի, հասարակական գործիչ Էյմի Շումըր, որ բոլորովին վերջերս այրերու այլ մարզ մը նկատուող զէնքի տարածման դէմ պայքարին մէջ եւս «քիթը մխրճած է»: Եթէ հաւաքական քանդումի զէնքերու տարածումը այսօր մարդկութեան հրատապ հարցերէն մին է, նուազ կենսական չէ Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան համար անհատական զէնքերու աւելի խիստ հսկողութեան հարցը: Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ն անդրադարձած է դերասանուհիին գործունէութեան՝ քիչ տեղ յատկացնելով զէնքի հսկողութեան առընչութեամբ անոր մղած պայքարին, ատիկա նմանցնելով Դաւիթի եւ Գողիաթի մենամարտին, իսկ մենք անշուշտ պիտի նմանցնէինք Դաւիթի եւ Մսրայ Մելիքի ճակատումին…
Էյմի Շումըր ինքզինք ո՞վ կը կարծէ:
Քիմ Քարտաշեանի եւ Քանիէ Ուեսթի ոտքերուն տակ «սուզուելէն», «Էմ. Թի. Վի.»ի շարժապատկերի մրցանակները ներկայացնելէն մինչեւ «Ճի. Քիւ.» ամսաթերթին կողքին վրայ իբրեւ իշխանուհի Լէա յայտնուիլը եւ զէնքի աւելի խիստ հսկողութեան օրէնքներ պահանջելը՝ Էյմի Շումըր բացարձակապէս ամէն տեղ է:
Ամերիկեան կատակերգութեան ամենէն վառվռուն անունը՝ Շումըր նոր սկսաւ Բրիտանիոյ մէջ հռչակ վայելել՝ շնորհիւ իր հեղինակած նոր շարժապատկերին՝ «Թրէյնուըրեք»ին, որ բեմադրած է Ճատ Ապատով: Առաջին անգամն ըլլալով Ապատով կը բեմադրէ շարժապատկեր մը, որ ինք չէ գրած:
«Ճատ Ապատով, քանի մը տարի առաջ լսելէ ետք իմ հաղորդումս, հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ, որ ես կրնամ շարժապատկերներու բեմագրութիւններ գրել: Ես հաւանաբար բնաւ ինքնավստահութիւնը պիտի չունենայի շարժապատկերի բեմագրութիւն մը գրելու, եթէ ան զիս քաջալերած չըլլար», կ՚ըսէ Էյմի եւ կ՚աւելցնէ, թէ չկայ աւելի մեծ գովասանք, քան այն, որ մէկը քեզի ըսէ. «Ես իմ համբաւովս եւ դրամովս քեզի նեցուկ պիտի կանգնիմ»:
Ապատով իր կարգին միայն դրուատիքով կ՚արտայայտուի իր աստղին եւ գործակցին հասցէին. «Ես Էյմին լսեցի ձայնասփիւռի հաղորդման մը ընթացքին, երբ կը խօսէր իր հիւանդ հօր մասին եւ կը պատմէր հայրը խնամելու մութ պատմութիւններ, որոնք սակայն նաեւ իսկապէս ծիծաղաշարժ, ջերմ էին եւ կը դրսեւորէին Էյմիի անսահման սէրը հօրը հանդէպ: Մտածեցի, որ ան ունի կողմ մը, որ շարժապատկերներու մէջ նախապէս բնաւ չէ ներկայացուած, եւ իրեն հարցուցի, թէ արդեօք կ՚ուզէ՞ շարժապատկերի մը բեմագրութիւնը գրել»:
«Թրէյնուըրէք»ը գրելէ առաջ Շումըր թէեւ նորեկ մըն էր բեմագրութեան ասպարէզին մէջ, բայց իր ծննդավայր Նիւ Եորքի զբօսավայրերուն մէջ կատակերգական մենակատարումներով ելոյթ կ՚ունենար 2004-էն ի վեր:
Էյմի աւարտած է «Ուիլիըմ Եսփեր սթիւտիօ»ն, դերասանական դպրոց մը, ուր ուսանած է երեք տարի:
Էյմի Շումըր պատկերասփիւռային կատակերգութեամբ առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ 2007-ին, երբ երրորդ դասուեցաւ «Էն.Պի.Սի.»ի «Լասթ քոմիք սթանտինկ»ի մէջ, եւ աւելի ուշ երկրորդական դեր ստանձնեց մեծ ժողովրդականութիւն վայելած «30 ռոք» կատակերգական հաղորդաշարի մէկ դրուագին մէջ:
«Տարիներ տեւած կողմնակի աշխատանքներու մէջ պատուաստուելով՝ յանկարծակի աստղի վերածուիլը արագօրէն զիս զարգացուց: Գիտեմ, թէ այսպիսի բաներ ինչպէ՛ս կը պատահին, եւ ես վստահաբար ուրախ եմ, որ նախապէս այս չափով յայտնութիւն չեղայ, չբացայայտուեցայ: Կը կարծեմ, թէ ոչ ոք իսկապէս պատրաստ է այս չափով յայտնութեան», ըսաւ Էյմի եւ աւելցուց.
«Ես վերջերս նուաճեցի քննադատներու մրցանակը, որուն յանձման հանդիսութեան չկրցայ ներկայ գտնուիլ: Ուրեմն իմ գրչակիցներէս մէկը գնաց եւ ըսաւ. «Էյմի չի կրնար հոս ներկայ ըլլալ, ան բուժումի կ՛ենթարկուի յաւելեալ յայտնութեան պատճառով»: Խորհեցայ, որ այդ խօսքը իսկապէս ծիծաղաշարժ էր»:
«Բայց ատիկա բնաւ իմ երազս չէր, ես բնաւ չէի փորձեր հոս հասնիլ: Ասիկա շատ աւելի հեռու է, քան կ՛երազէի ինքզինքիս համար, եւ ճնշող է», ըսաւ ան:
2013-ին «Քոմետի սենթրըլ»-ը ներկայացուց առաջին ելոյթը՝ «Ինսայտ Էյմի Շումըր», խառնուրդ մը՝ սքեչներու, կատակերգական մենակատարումի եւ փողոցի մէջ կայացած հարցազրոյցներու:
Սեռային հարցերու մասին նկատողութիւններով եւ ծիծաղաշարժ մանրապատումներով, աշխատանքի, յարաբերութիւններու եւ սեռային անհաւասարութիւններու վերաբերեալ նիւթերով հաղորդաշարը եւ ատոր յաջորդած երկու հաղորդաշար Շումըրը աւելի հանրածանօթ դարձուցին:
Էյմի թէեւ ունի իր համակիրները, սակայն ցեղային կարծրատիպերու եւ ցեղային յարաբերութիւններու վերաբերող անոր զուարճապատումները պատճառ դարձան, որ ոմանք ըսեն, թէ ան խոցելի է ցեղային հարցերու մէջ եւ չի հասկնար ատոնք:
Էյմի պատասխանեց քննադատութեան՝ իր «թուիթըր»-ին մէջ գրելով. «Ես հաճոյք կ՛առնեմ խաղալով իբրեւ աղջիկ մը, որ մերթ ընդ մերթ ամէնէն անբան խօսքը կ՛ըսէ, մինչ ցեղային հարցերու հետ խաղալը բան մըն է, որ մենք պէտք չէ ընենք, եւ ճիշդ ասիկա է, որ շատ ծիծաղելի կը դարձնէ կատակերգակներուն համար»:
Շումըր կը պնդէ, թէ ինք բեմին վրայ միշտ ինքնաբուխ արտայայտուած է, եւ հանդիսատեսները, մանաւանդ եթէ անոնց մեծ մասը կատակերգակներ են, խնդացնելու համար միշտ օգտագործած է անակնկալի գործօնը:
Բոլորովին վերջերս Շումըր իր գլուխը բարձրացուց պատնէշէն աւելի վեր՝ արծարծելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ զէնքի հսկողութեան հրատապ հարցը: Ատիկա տեղի ունեցաւ, երբ երկու կիներ սպաննուեցան Լուիզիանայի մէջ իր շարժապատկերի ցուցադրութեան օրերուն: Զինեալը հոգեկան խանգարում ունեցող անձ մըն էր:
Կատակերգակը խնդուքն ու ծիծաղը մէկ կողմ դրաւ, իր հօր զարմիկին՝ ծերակուտական Չաք Շումըրի հետ արշաւի նախաձեռնելու՝ զէնքի աւելի խիստ հսկողութեան օրէնքի մշակման եւ գործադրութեան համար: Ան նաեւ քննադատեց մտային-հոգեկան առողջութեան ծառայութիւններուն համար յատկացումները կրճատելու առաջարկները:
Զէնքի խնդիրով Էյմի Շումըր յատկապէս կը հակադրուի Միացեալ Նահանգներու զէնքի հզօր լոպիին, եւ այդ հակադրութիւնը կը վերածուի Դաւիթի եւ Գողիաթի ճակատումին նման բանի մը:
«Ես կը հասկնամ հարցին ծանրութիւնը: Այս բնաբանին մէջ ինքնազարգացումի շատ տեղ ունիմ տակաւին: Կը կարծեմ, որ հիմնական հարցը դրամն է, ֆինանսաւորումը: Անոնք կը փորձեն հոգեկան առողջութեան ծառայութիւններէն դրամը խլել: Ասիկա սարսափելի է: Յոյս ունիմ, որ չեն յաջողիր», ըսաւ Էյմի:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ