ԱՄՈՒՐ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ

Հայաստանի հիւսիսին անցեալ գարնան պատահած ջրհեղեղի ծանր հետեւանքները աստիճանաբար կը յաղթահարուին։ Թէեւ երկաթուղին ու մայրուղիները յարաբերաբար աւելի շուտ վերականգնուած էին, սակայն աղէտի համեմատութիւնները այնքան մեծ էր, որ անխուսափելիօրէն ժամանակի վրայ կը տարածուին վերջնական լուծումները։

Վերջին օրերուն, Լոռիի մարզի Ալավերտի քաղաքին մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ վերակառուցեալ կամուրջ մը, որ փուլ եկած էր ջրհեղեղի հետեւանքով։ Այս կամուրջի վերակառուցման շնորհիւ քաղաքին ու անոր Սանահին թաղամասին միջեւ ինքնաշարժներու կապը վերահաստատուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Իրանի կառավարութեան աջակցութեամբ։

Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան եւ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի, որոնք հանդէս եկան ելոյթներով։

Հարկ է նշել, որ այս կամուրջը ժամանակաւոր է իր բնոյթով, ան կրնայ ըլլալ տեմոնթէ, սակայն, կրնայ ծառայել նաեւ որպէս հիմնական կամուրջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2024