ՖԻՏԱՆ ԳԱՀԻՐԷ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Գահիրէ՝ մասնակցելու համար Արաբական լիկայի ժողովին։ Թուրքիա շուրջ 13 տարուան ընդհատումէ մը վերջ հրաւիրուած է այս կազմակերպութեան ժողովին։ Արդարեւ, վերջին անգամ Թուրքիա 2011 թուականին Արաբական լիկայի ժողովին հրաւիրուած էր։ Յաջորդած Արաբական գարունէն վերջ, տարածաշրջանի փոփոխութիւններու ժամանակահատուածին այդ կազմակերպութեան անդամ շարք մը երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացած էր։ Ուստի, թրքական կողմի մասնակցութիւնը ընդհատուած էր։ Ներկայիս, այդ բոլորէն վերջ, կազմակերպութիւնը դարձեալ որոշած է իր աշխատանքին ներգրաւել Անգարան։ Հաքան Ֆիտան այսօր Գահիրէի մէջ կը մասնակցի Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որու ընթացքին ելոյթ մըն ալ կ՚ունենայ՝ Կազզէի պատերազմին, տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Արաբական լիկա յարաբերութիւններուն շուրջ։
Վերլուծաբաններ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն հանգամանքին վրայ, թէ Թուրքիա այս հրաւէրը ստացած է՝ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման զուգահեռ։ Եգիպտոս Թուրքիան հրաւիրելով կարեւոր ժեստ մը ըրած է։ Արաբական լիկայի օրակարգի բազում խնդիրները կը համընկնին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն հետ։ Մասնաւորապէս Կազզէի պատերազմին առումով Անգարա-Գահիրէ մերձեցումը յատկանշական է՝ միջազգային հանրութեան փոխանցուելիք պատգամներուն տեսակէտէ։