ՔՈՆՃԱՅԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Եւրոպական միութեան նախարար Ալի Հայտար Քոնճա հայկական ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրեն ուղղեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտարարեց, թէ կարծեցեալն ու իրականը որեւէ տարբերութիւն չունին։ «Բացորոշ ու յստակ է, որ կոտորած մը կատարուած է։ Այս իրողութիւնը բոլորն ալ կ՚ընդունին։ Բուն հարցը այս իրողութիւնը ճանչնալու կէտին շուրջ համախմբուիլն է», նշեց ան։ Նախարարի այս յայտարարութիւնները լայն արձագանգ ստեղծեցին մամլոյ մէջ։ Աւելի վերջ ան փորձեց զսպել քննադատութիւններուն ալիքը եւ յայտարարեց հետեւեալը. «Ես չօգտագործեցի ցեղասպանութիւն բառը։ Թուրքիա պէտք է առերեսուի անցեալի իրողութիւններուն հետ։ Արդեօք 1915-ին որեւէ բան տեղի չէ՞ ունեցած։ Եթէ այդպէս է, ապա ո՞ւր են այդ հայերը։ Փաստ է, որ սպանութիւններ կատարուած են եւ զանոնք պէտք է կոտորած անուանել»։
Հարկ է նշել, թէ ընտրութեան ընդառաջ կազմուած կառավարութեան մէջ Ալի Հայտար Քոնճա կը ներկայացնէ ՀՏՓ-ն։