ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՅՈՅՍ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պա­քուի մէջ, ուր Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րընկալուեցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հրա­ւէ­րին ընդառաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին ռուս նա­խա­րա­րը ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը, ո­րու կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ յա­ռա­ջըն­թա­ցի յոյս յայտ­նեց ռուս նա­խա­րա­րը։

Մոս­կուա-Պա­քու ծա­ւա­լուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը աչ­քէ ան­ցը­նե­լու ա­ռըն­թեր, Իլ­համ Ա­լիեւ եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով կանգ ա­ռին ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին վրայ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Լաւ­րով գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, որ Ա­լիե­ւի հետ տե­սակ­ցու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած է շօ­շա­փե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը։ Ըստ ի­րեն, Իլ­համ Ա­լիե­ւի, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րուին՝ այս հար­ցին շուրջ հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րի մը հաս­նե­լու հա­մար։

Պա­քուի մէջ Ա­լիեւ եւ Լաւ­րով կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015