ՍԻՒՆԵԱՑ ՍԵՊԸ
Հանրակրթական դպրոցներու 8-րդ դասարանի պատմութեան նոր դասագրքին մէջ տեղ գտած է վիճայարոյց հատուած մը, ըստ որուն՝ 19-րդ դարասկիզբին Ռուսաստանը բռնակցած էր Արեւելեան Հայաստանը: Այս առիթով մեծ աղմուկ բարձրացած էր ու Ռուսաստան իր արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մակարդակով դիմած էր Երեւանին՝ կոչ ուղղելով նմանատիպ ապատեղեկատուութիւններ չհրապարակել ու չխեղաթիւրել պատմութիւնը: Հայաստանէն կարծես թէ, խոստացած էին դասագիրքը վերանայիլ եւ շտկել խնդրոյ առարկայ ձեւակերպումը։
Ուսումնական ձեռնարկներուն շարադրուող պատմական նիւթերն ու անցքերը կարեւոր ազդակներ են. անոնք հիմնականօրէն կը փոխանցեն անցեալի մասին տուեալ պետութեան պաշտօնական գնահատանքը, քաղաքացիներուն պատկերացումները կը ծրագրաւորեն եւ աճող սերունդին ազգային ինքնութեան բանալիները կը ձեւաւորեն: Այս առումով խիստ անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կատարուած է երկու դար առաջ եւ ինչպիսի հետեւանքներու յանգած է տեղի ունեցածը:
Յայտնի է, որ մեր օրերու Հայաստանը ստեղծուած է 1828 թուականին՝ ռուս-պարսկական եւ ռուս-թրքական պատերազմներուն Ռուսաստանի տարած յաղթանակներուն արդիւնքով: Ծանր ժամանակաշրջան էր հայերուն համար, որոնք իբրեւ քաղաքական ազգ, ստիպուած էին լքել պատմութեան թատերաբեմը եւ տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն պահպանել փոքրաթիւ, աստիճանաբար ուծացող էթնիք խումբի կարգավիճակով:
Սակայն բարեհաճ գտնուեցաւ ճակատագիրը եւ նոր հնարաւորութիւն մը տուաւ հայերուն՝ կրկին վերադառնալ պատմութեան թատերաբեմ՝ որպէս քաղաքական միաւոր։
Ի՞նչ խնդիր ունէր այն ժամանակուան Ռուսաստանը: Երկիրը պէտք է դուրս գար Սեւ ծով. բան մը, որ պիտի չյաջողէր եթէ չգրաւէր Հիւսիսային ու Հարաւային Կովկասը՝ այդպէս ապահովելով սեւծովեան տարածքներու անվտանգութիւնը: Այդ տարածքները՝ Խրիմը, Հարաւային Ուքրայնան, Մոլտովան, Ազովի ծովն ու Հիւսիսային Կովկասը Ռուսաստան գրաւուած էր Օսմանեան Թուրքիայէն, իսկ Հարաւային Կովկասը՝ նոյն օսմանցիներէն ու Պարսկաստանէն։ Այս գործընթացը տասնեակ տարիներ տեւած է՝ հարիւր հազարաւոր զոհերու գնով ու միլիոնաւոր մարդկանց տեղահանութեամբ:
Ճակատին միւս կողմը օսմանցիներն ու բրիտանացիներն էին: Ռուսաստանի վարած քաղաքականութեան նպատակը՝ օսմանցիներուն ու Կովկասի թաթարներուն միջեւ սեպ խրելն էր՝ յանձինս հայերուն ու վրացիներուն: Իրենց ցանկալի էթնոխճանկարը ստանալու համար նոյնիսկ էթնիք տեղահանութիւն կը կազմակերպէին։ Այդ քաղաքականութեան շնորհիւ, յետագային վերականգնուեցաւ Հայաստանի պետական առարկայութիւնն ու փրկուեցաւ Վրաստանի պետականութիւնը:
Առհասարակ, փոքր պետութիւնները որոշակի աշխարհաքաղաքական դերակատարութեան համար կը ստեղծուին՝ որպէս փոխզիջում մեծ երկիրներուն միջեւ: Այդ դերի կորուստը երբեմն տուեալ երկրի պետականութեան կորուստին կրնայ յանգեցնել։ Այսպիսով՝ Հայաստան գոյութեան առիթ ունեցաւ, որովհետեւ Ռուսաստանին պէտք էր թրքական ազգաբնակչութեան մէջ «սեպ խրել» եւ, այդպէս ալ ըրաւ հայերուն ու վրացիներուն միջոցով, որոնք ազդեցութեան գործակալներ էին Թուրքիոյ ու Բրիտանիոյ համար: Ի դէպ՝ վերջինս այդ ժամանակ համաշխարհային թիւ մէկ գերիշխանն էր:
Հայաստանի պետութեան գոյութեան իմաստը հիմա ալ այդ սեպի դերակատարութիւնն է, որ ոմանց կը խանգարէ, իսկ ոմանց համար ալ Հայաստանը հրապուրիչ կը դարձնէ։ Անշուշտ, սեպի դերակատարութիւնը վերապահուած է Սիւնիքին, առանց որուն Հայաստան հետաքրքրութենէ զուրկ աշխարհաքաղաքական տարածք մըն է։ Սիւնիքի համար պայքարը աշխարհաքաղաքական մեծագոյն մրցակցութիւնն է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, երկար պիտի տեւէ եւ որուն պէտք է պատրաստուինք մենք։ Սիւնիքի հանդէպ եղած դիրքորոշմամբ կը յստականայ, թէ ո՛վ է Հայաստանի բարեկամը եւ ով՝ թշնամին:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի