ՌԵԹՐՈՍՓԵՔԹԻՎ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր վերջին օրերուն Երեւանի մէջ վերյիշուեցաւ եզակի երեկոյթով մը։ «Ազնաւուրը շարժանկարի մէջ» խորագրեալ այս ձեռնարկը ռեթրոսփեքթիվ ցուցադրութիւն մըն էր։ Չորս օրերու վրայ տարածուած ծրագրով, մեծանուն արուեստագէտի շարժանկարի ճանապարհորդութիւնը յատուկ ծրագրով մը արժեւորուեցաւ Երեւանի կեդրոնին։ Գեղարուեստասէրները բացօթեայ ձեռնարկներու ընթացքին յետադարձ հայեացքով մը առասպելական երգիչը վերյիշեցին՝ որպէս դերասան, որ աւելի քան 90 ժապաւէնի մէջ նկարահանուած է՝ միշտ յաւակնոտ որակով մարմնաւորելով կեանքի գեղեցկութիւնն ու բարդութիւնները։ Մեծանուն վարպետի 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական տօնակատարութիւններու շրջանակներէն ներս կեանքի կոչուեցաւ նախագիծը։ Բացման փուլին ներկայացուեցաւ «Ազնաւուրը Շարլի հայեացքով» վաւերագրական ժապաւէնը։

Ցուցադրութիւնները տեղի ունեցան Ազատութեան հրապարակի մերձակայքին, Օփերայի շէնքի յարած տարածքին, Կարապի լիճ-աւազանին շուրջ։

Բացման երեկոյթի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։

Յայտագրի վրայ ընդգրկուած գործերու շարքին էին՝ «Կրակեցէք դաշնակահարի վրայ»ն, «Փարիզը օգոստոսին»ը եւ «Հայր Կորիօ»ն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024