ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերահաստատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրները վերջին օրերուն մանրամասնութիւններ հրապարակեցին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախօրէին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Այս առթիւ հաղորդուած է, որ Պլինքըն ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վերջին յառաջընթացը՝ ներառեալ սահմանազատման կանոնակարգի շուրջ համաձայնագիրը։ Ան Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ընդլայնուող յարաբերութիւնները՝ ներառեալ համագործակցութիւնը ուժանիւթի, առեւտուրի եւ ներդրումներու, կրթութեան ոլորտներէն ներս։ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերահաստատած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը՝ շարունակական ջանքեր գործադրելու համար՝ մասնաւորապէս բարգաւաճման, ժողովրդավարականացման աջակցելու առաջադրութեամբ։ Ան շեշտը դրած է նաեւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան կարեւորութեան վրայ։ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն համոզուած է, թէ սա նպաստաւոր է թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդին եւ թէ Կովկասի ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2024