ԲԱ՞ԽՏ ԹԷ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆ. ՆՈՎԱՅԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Նովայի ազդեցութիւնը յայտնի է որպէս «Բախտի ողբերգութիւն» եւ կը վերաբերի իրադարձութիւններու անորոշութեան՝ ըստ մեր միջավայրի գնահատման։ Հոգեբանութեան մէջ Նովայի ազդեցութիւնը կը նմանցուի «թիթեռնիկի ազդեցութեան». իւրաքանչիւր առաջին քայլ, իրադարձութիւն կամ երեւոյթ, որ սկիզբին փոքր կամ նոյնիսկ աննշան կը թուի, կրնայ տոմինոյի ազդեցութիւնը ունենալ եւ փոխել ամբողջ ընթացքը:
Մենք մեզ բախտաւոր կամ դժբախտ զգալը իրականութեան մէջ պարզ է, բայց կեանքի հոսքը կրնայ մեզ տանիլ անսպասելի կամ աներեւակայելի կէտերու: Երբ հրաշալի իրադարձութիւն մը տեղի ունենայ, անմիջապէս մի՛ ուրախանանք, իսկ երբ տխուր իրադարձութիւն տեղի ունենայ, անմիջապէս մի՛ վրդովինք, այնուամենայնիւ, պէտք է փորձել իրադարձութիւններու աւելի լայն տեսանկիւնէն նայիլ։ Մէկ խօսքով, մեր շուրջ պատահող իրադարձութիւնները կարելի չէ վերջնականապէս լաւ կամ վատ մեկնաբանել։ Իրադարձութիւնը, որ կը համարուի անյաջողութիւն, կրնայ ապագային վերածուիլ առաւելութիւններու կամ բախտ կոչուող իրադարձութիւն մը կրնայ թերութեան կամ դժբախտութեան հետեւանք ըլլալ:
Բախտաւոր կամ դժբախտ ըլլալը շատ յարաբերական ու ենթակայական հասկացութիւններ են՝ կախեալ տուեալ ժամանակէն կամ իրավիճակէն։ Ահաւասիկ պատմութիւն մը՝ որպէս օրինակ։
Էրիք կը զբօսնէ իր շունը՝ Նովան։ Անոնց դիմաց նապաստակ մը կը յայտնուի, իսկ Նովան կը փախչի տիրոջ ձեռքէն եւ կը սկսի վազել նապաստակի ետեւէն։ Թէեւ Էրիք կը վազէ շան ետեւէն, բայց չի կրնար հասնիլ անոր։ Նովան կը հեռանայ եւ կ՚անհետանայ: Էրիք չափազանց կը յուզուի եւ օրերով ամէնուր կը փնտրէ Նովան, տեղեակ կը պահէ հարեւանները, գովազդ կը տեղադրէ փողոցներուն, բայց ապարդիւն։ Որքա՜ն դժբախտ է, որ նապաստկը այդ պահուն յայտնուեցաւ անոնց առջեւ եւ կորսնցուց շունը։
Քանի մը շաբաթ յետոյ Էրիքի դուռը կը բախուի եւ իր դիմաց կը տեսնէ կին մը եւ իր շունը՝ Նովան։ Էրիք կը գրկէ իր շունը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ կնոջ՝ Վանեսային։ Անոնք կը զրուցեն եւ կը սիրեն զիրար։ Յաջորդող շաբաթներու ընթացքին անոնք քանի մը անգամ կը հանդիպին ու կը սիրահարուին իրարու։ Էրիք կը մտածէ, թէ որքան բախտաւոր է, որ Վանեսան ճի՛շդ ժամանակին, ճիշդ տեղին գտած է Նովան։
Ամիսներ անց, Էրիք ինքնաշարժով ճանապարհ կ՚ելլէ՝ Վանեսան գործէն առնելու։ Ան կու գայ խաչմերուկ մը եւ ձախէն եկող ինքնաշարժը կը խախտէ կարմիր լոյսը ու կը հարուածէ Էրիքին։ Վերջինս քանի մը ժամ անց կը բանայ աչքերը հիւանդանոցի մէջ։ Բժիշկը իրեն կ՚ըսէ, որ լուրջ հարուած ստացած է գլխուն եւ անոնք պէտք է որոշ քննութիւններ կատարեն՝ որեւէ մշտական վնասի կամ արիւնահոսութեան վտանգի համար։ Էրիք Վանեսայի մօտ երթալու պատճառով շատ դժբախտ կը զգայ ինքնիրեն եւ վթարի պահուն այնտեղ գտնուելու համար: Մի գուցէ իր ամբողջ կեանքը կործանուած է։
Յաջորդ օրը բժիշկը կու գայ Էրիքի մօտ։ Ան կ՚ըսէ, թէ ունի լաւ ու վատ նորութիւններ: Էրիք կը փափաքի նախ լսել վատ լուրը: Բժիշկը կ՚ըսէ, որ անոնք իրականութեան մէջ նոյն բանն են։ Էրիք շփոթած կը նայի բժիշկին։ Անոնք ուռուցք յայտնաբերած են իր ուղեղին մէջ, իսկ լաւ նորութիւնը այն է, որ ուռուցքը ոչ մէ կապ ունի իր ունեցած վթարի հետ: Փաստօրէն, Էրիք ողջ մնացած է վթարէն՝ առանց որեւէ լուրջ վնասուածքի: Բայց այդ պատահարի պատճառով կատարուած քննութիւններու շնորհիւ յայտնաբերած են ուռուցքը: Ժամանակի ընթացքին նման ուռուցք մը կը յայտնաբերուի միայն ախտանիշներու ի յայտ գալէն յետոյ եւ սա դարմանման համար գրեթէ միշտ շատ ուշ կ՚ըլլայ։ «Ձեր պարագային մենք կրնանք հեռացնել ուռուցքը առանց որեւէ խնդրի, տարօրինակ է ըսել, բայց այդ վթարը փրկեց ձեր կեանքը», կ՚ըսէ բժիշկը: Էրիք այդ ժամանակ զինք բախտաւոր կը զգայ վթարի պահուն այնտեղ գտնուելու համար: Մի գուցէ իր կեանքը փրկած է այդ քանի մը վայրկեանը:
Էրիք կը վիրահատուի եւ բացի գլխի վէրքէն, ան նախկինէն աւելի լաւ կը զգայ ինքզինք։ Քանի մը օր յետոյ ան տուն կը վերադառնայ Վանեսայի եւ իր շան՝ Նովայի հետ։
Նոյնիսկ ամենավատ իրադարձութիւն մը կրնայ յանգեցնել լաւագոյն արդիւնքի: Որովհետեւ մենք երբեք չենք կրնար որոշել, թէ իրադարձութիւն մը ինչի՛ կը յանգեցնէ ապագային: Այն ինչ որ կ՚ապրինք կեանքի այդ պահուն, չենք կրնար նախագուշակել, թէ ինչ կը յառաջացնէ ապագային։ Բացասական իրավիճակ մը կրնայ հող նախապատրաստել լաւ իրադարձութեան մը: Նոյնը կը վերաբերի հակառակին. մեզի լաւ թուացող իրավիճակ մը կրնայ ճանապարհ հարթել վատ իրադարձութեան մը համար: Երբեմն կ՚ըսենք՝ «գուցէ սա աւելի լաւ է, ասոր մէջ ալ լաւ բան կայ»։ Միայն կը մտածենք եւ կը գնահատենք այն իրադարձութիւնները, որոնք կ՚ապրինք տուեալ պահուն։ Այդպէսով, մենք իրավիճակին կը նայինք փոքր պատուհանէ մը: Այնուամենայնիւ, աւելի մեծ պատուհանէ մը դիտելով կրնանք մտածել, որ մեր ունեցած բացասական իրադարձութիւնները կրնան կանխել աւելի վատ իրադարձութիւն մը եւ սա մեզ կրնայ օգնել աւելի քիչ ազդուիլ բացասական իրավիճակներէն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ