6-7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԷՆ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ

6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955-ի տխուր դէպ­քե­րուն 60-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ «Իս­տոս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց խիստ հե­տաքրք­րա­շարժ պատ­կե­րա­գիրք մը՝ «Պատ­րիար­քա­կան լու­սան­կա­րիչ Տի­միթ­րիոս Քա­լու­մե­նո­սի ոսպ­նեա­կէն 6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955-ը» խո­րագ­րով։ Գիր­քը ի մի կը բե­րէ այն­պի­սի լու­սանկար­ներ, ո­րոնք ցարդ ան­ծա­նօթ կը մնա­յին լայն հա­սա­րա­կու­թեան։ Տի­միթ­րիոս Քա­լու­մե­նո­սի ար­խի­ւէն 60 լու­սան­կար­ներ իր դստեր՝ Մա­րի­նա Քա­լու­մե­նո­սի ար­տօ­նու­թեամբ եւ Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քի մեր­ձա­ւոր­նե­րէն լրագ­րող-լու­սան­կա­րիչ Նի­քո­լա­յոս Ման­կի­նա­սի նե­ցու­կով վե­րա­ծուած է գիր­քի, զոր հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է լրագ­րող Սէր­տար Քո­րու­ճու՝ յոյն գոր­ծիչ Լա­քի Վին­կա­սի խորհր­դակ­ցու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015