ՈՒ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՀԱՍԱՆ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Սուրիոյ պատերազմի պատճառաւ, երբ Քոպանին անցաւ գրոհայիններու ձեռքը, այդ քաղաքի մէջ գտնուող հինգ հայ ընտանիքները միւսներու պէս լքեցին իրենց տուները: Մէկ ընտանիք Ֆրանսա փոխադրուեցաւ, իսկ Թովմասեան երեք եղբայրներու ընտանիքները եւ հայ ընտանիք մը եւս հան-գըրւանեցին Թուրքիոյ Սուրուչի գաղթականաց ճամբարին մէջ: Տասնմէկ ամիս այդ ճամբարին մէջ մնալէ ետք երէկ Լեւոն, Սերովբ եւ հանգուցեալ Յովսէփ Թովմասեաններու ընտանիքները վերջապէս հասան Հայաստան: Օդակայանին մէջ անոնց կը սպասէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Ինչպէս նաեւ դիմաւորելու եկած էին Թովմասեան-ներու հայաստանաբնակ հարազատները, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն, «Հալէպ» հայրենակցական միութենէն եւ «Առաքելութիւն Հայաստան» բարեսիրական կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ:
Մեզի հետ զրոյցի ընթացքին Պատրիարքական ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըսաւ, որ երբ իրենց այցելած է Սուրուչի գաղթակայանին մէջ եւ իրենք փափաք ունեցած են տեղափոխուելու Հայաստան, ան կապ հաստատած է Արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց եւ Սփիւռքի նախարարութիւններու հետ ու դասաւորած՝ անոնց Հայաստան փոխադրութիւնը: Հայաստանի մէջ Թոմասեաններու սկզբնական կեցութեան ծախսերը ստանձնած է «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը:
«Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը երէկ ընտանիքի անդամներն ու անոնց հայաստանաբնակ հարազատները տեղափոխեց Թովմասեաններու ժամանակաւոր կացարան՝ Երրորդ գիւղ արուարձանի մէջ գտնուող Նորվեկական կոչուող թաղամաս:
ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս ընտանիքին հետ այցելեց կացարան, ուր ծանօթացանք անոնց ապրելու պայմաններուն եւ խնդիրներուն:
Թաղամասը կը գտնուի Երեւանէն քիչ մը հեռաւորութեան վրայ, ուր փոքրիկ գիւղակի մէջ, նորվեկացիները կոկիկ տուներ կառուցած են մասնաւորապէս փախստականներու համար:
Թովմասեաններուն յանձնուեցաւ չորս ննջարանով եւ մէկ հիւրասենեակով, խոհանոցով եւ երկու լուացարանով միայարկանի նոր բնակարան մը, որ ունի բակ եւ խաղավայր, ուր պզտիկները կրնան խաղալ:
Ընտանիքի անդամները շատ գոհ մնացին եւ իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Արամ Սրբազանին, որ նկատի առաւ իրենց խնդրանքը եւ կազմակերպեց իրենց Հայաստան փոխադրութիւնը:
Ընտանիքի հարսերէն Էլիա Թովմասեան ըսաւ, որ շատ դժուար ամիսներ անցուցած են մէկ տարուան ընթացքին։ Նախ պատերազմի սարսափները, յետոյ տուներու լքումը, գաղթակայանին մէջ դժուարութիւնները, իսկ այնուհետեւ իր ամուսինին սպանութիւնը յուսահատութեան մատնած են ընտանիքի անդամները: Ինչպէս յայտնի է՝ Յովսէփ Թովմասեան երկու ամիս առաջ փորձած է երթալ եւ տեսնել իրենց տուները, սպաննուած է գրոհայիններու կողմէ: Ինչպէս ըսաւ Էլիան, իրենց գաղթակայանին մէջ միայն կ՚երազէին Հայաստան հասնելու եւ հոն ապաստանելու մասին:
«Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը կացարանը տրամադրած է միայն երկու շաբթուան համար, այնուհետեւ ընտանիքը վարձու տուն մը պիտի փնտռէ: Կազմակերպութեան պատասխանատուն ըսաւ, որ մինչեւ այս տարուան վերջը պատրաստ են վճարել ընտանիքներուն բնակարաններուն վարձքը` ամէն մէկ ընտանիքի համար տրամադրելով 60.000 դրամ: Մինչ այդ, կազմակերպութիւնը ընտանիքի անդամներուն 200.000 դրամ տրամադրեց՝ յառաջիկայ անհրաժեշտ ապրանքներու եւ սնունդի համար: «Առաքելութիւն Հայաստան» կազակերպութեան ներկայացուցիչ Թանիա Տաշեան մեզի յայտնեց, որ իրենք ամէն օր պիտի այցելեն ընտանիքին, խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրեն աշխատանք, բնակարան փնտռելու, պզտիկներու դպրոցական հարցերը կարգաւորելու, ինչպէս նաեւ առողջապահական խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ:
Տղաքը պատրաստ էին դպրոց երթալու եւ հայերէն սորվելու, սովորաբար մեծերը կը խօսէին հայերէն, բայց պզտիկները կը դժուարանային: Իսկ ընտանիքի երիտասարդները ըսին, որ պատրաստ են աշխատելու որեւէ գործի մէջ:
Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հալէպ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները նոյնպէս պատրաստակամ էին աջակցութիւն տրամադրելու եւ ամէնօրեայ այցելութիւններով խորհուրդներ տալու ընտանիքին: Նոր յարկին տակ անոնց միացած էին նաեւ հայաստանաբնակ իրենց հարազատները, որոնք չէին ուզեր բաժնուիլ իրենց ազգականներէն:
Թովմասեանները ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տեղեկացուցին, որ Սուրուչի մէջ կայ հայ ընտանիք մը եւս, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին կը պատրատուի տեղափոխուիլ Հայաստան: