«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԷՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ. ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԻ ՄԸ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Երէկ, Պէյօղլուի մէջ, Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան մշակոյթի կեդրոնին՝ «Շիշմանօղլու» ապարանքին մէջ բացուեցաւ լուսանկարչական եզակի ցուցահանդէս մը, որ այս օրերուն անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Այսպէս, աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Փարի Տուքովիչ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը բացած է Թուրքիոյ մէջ՝ «Իսթանպուլէն Նիւ Եորք. լուսանկարչի մը ուղեւորութիւնը» խորագրին ներքեւ։ Փարի Տուքովիչ Իսթանպուլի մէջ ծնած աշխարհահռչակ լուսանկարիչ մըն է։ Ան քաղաքիս յոյն համայնքէն հասած եւ միջազգային բարձունքներ նուաճած հեղինակութիւն մը դարձած է, ուստի իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը կարեւոր իրադարձութիւն մը կը համարուի։

Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են Փարի Տուքովիչի ոսպնեակին կողմէ որսուած 65 դրուագներ։ Մինչեւ հոկտեմբերին 23-ը պիտի շարունակուի այս ցուցահանդէսը, որ իսկապէս եզակի հնարաւորութիւն մը կը համարուի գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։

Երէկ երեկոյեան, ցուցահանդէսի բացման առթիւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որ «Շիշմանօղլու» ապարանքի երդիքին տակ համախմբեց բազմաթիւ հիւրեր։ Երեկոյթի հիւրընկալն էր Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Քոնստանդինոս Քութրաս, որ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աւագ հիւպատոսը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ աշխարհահռչակ լուսանկարչին նկատմամբ, որու վարպետութեան մասին արտայայտուեցաւ բարձր դրուատիքով։

Երէկուան ձեռնարկին հրաւիրուած էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, որ ընդունելութեան ժամանակ Քոնստանդինոս Քութրասի հետ անմիջական զրոյց ունեցաւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2024