ՈՒՐԱԽ ԵՂԷ՛Ք…
Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Ուրախ եղէք, նորէն կ՚ըսեմ, ուրախ եղէ՛ք»։ Արդարեւ, ամէն պարագայի, ամէն հոգեվիճակի մէջ եւ միշտ ուրախ ըլլալ դիւրին չէ, նոյնիսկ անկարելի, քանի որ կեանքը յաճախ անակնկալներով եւ թէ նեղութիւններով, դժուարութիւններով լեցուն է։ Չէ՞ որ Յիսուս ալ կ՚ըսէ, թէ աշխարհի վրայ միշտ նեղութիւններ պիտի ըլլան։
Պօղոս առաքեալ վերոյիշեալ յանձնարարութիւնը, ուրեմն որո՞նց կ՚ընէ։ Անոնց՝ որոնք իրենց ընկերային դիրքը կորսնցուցած էին՝ աղքատ էին, հալածանքներու մատնուած էին եւ մահուան ստուերին տակ կ՚ապրէին։ Մահուան ստուերին տակ ուրախ ըլլալ՝ մեզի կը յիշեցնէ Սաղմոսերգուին սա տողերը. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ». (ՍԱՂՄ. ԻԳ 4)։ Այս համարը կը համեմատի Յիսուսի սա խօսքին. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Արդարեւ, քաջ մարդը միշտ ուրախ է, քանի որ ան գիտէ, թէ ի վերջոյ պիտի յաղթէ չարին։
Ուստի, ուրախութիւնը միայն հաճոյքի եւ վայելքի մէջ չէ, այլ՝ վստահութեան եւ հաստատամտութեան մէջ։ Շատեր կը կարծեն, թէ ուրախութիւնը մարմնական բաւականութիւն է, զուարճութիւն եւ վայելք։ Մինչդեռ ուրախութիւնը հոգեւոր գոհունակութիւն է։
Ուրախութիւնը միայն մարմնական հաճոյք կարծողներ կը սխալին, քանի որ մարդ միայն մարմին չէ, այլ՝ հոգի՛։ Ուրախութիւնը միայն մարմնական երեւոյթ կարծողներ չեն անդրադառնար, թէ մեծագոյն ուրախութիւնը «հոգեւոր յաղթանակ»ի մէջ է. անոնցն է՝ որոնք նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու քարերով լեցուն ճամբաներուն վրայէն ոստոստելով կը յառաջանան՝ չարին բարիով կը յաղթեն. անիրաւ եւ անարդար մտածումներու, խօսքի եւ վարմունքի կը համբերեն, համբերութեամբ կը լռեն, սիրտին խոր եւ նեղ տեղերը կ՚ընդարձակեն, կը լայնցնեն, որպէսզի չբարկանան, չդառնանան, չատեն, քէն չընեն, ոխակալ չըլլան, այլ ուրա՜խ ըլլան եւ գիտնան, որ ուրախութիւնը հոգեւոր գոհացում է եւ Աստուծոյ մեծ շնորհքն է։
Արդարեւ, կան կեանքեր որոնք «մեռելական թափօր»ի մը երեւոյթը ունին՝ միշտ տխուր, միշտ տրտում, անխօս եւ կախերես։ Չես գիտեր, թէ ո՞ւր ձգած են իրենց ուրախութիւնը, իրենց զուարթութիւնը՝ կորսնցուցած իրենց նպատակը եւ տգէտ են դարձած իրենց իմաստին։ Կարծես տեւապէս սուգի մէջ կ՚ապրին։ Աստուծոյ ալ հաճելի չեն անոնք, քանի որ Հայրը՝ Աստուած իր որդիները՝ մարդը կ՚ուզէ միշտ ուրախ տեսնել։
Գանգատը, տրտունջը, դժգոհութիւնը արգելք են ուրախութեան եւ անոնք մեղք են, որ կը ծնին թերահաւատութենէ, անվստահութենէ, ինչ որ հակառակ է Աստուծոյ՝ ճշմարտութեա՛ն։
Զարմանալի է, որ մարդ իր կեանքին ընթացքին յաճախ կը հանդիպի այս արգելքներուն, կը փորձուի այդ մեղքերով։ Եւ շատեր կը տարուին այդ հոսանքով…
Մարդկային կեանքը կը նմանի հոսող ջուրի. դէպի վախճան կ՚ընթանայ։ Ինչպէս ջուրի հոսանքը կը հանդիպի քարերու երբեմն, մարդուս կեանքի ճամբուն ալ երբեմն կը գտնուին քարեր՝ դժուարութիւններ, նեղութիւններ, հոգեւոր արգելքներ՝ որոնք կը ներկայանան տարբեր կերպերով՝ ցաւեր, հիւանդութիւններ, փորձանքներ, ձախողութիւններ, անհաւատարմութիւններ, եւ այլն։
Եւ մարդ իր կեանքի ընթացքին երբեմն կ՚երգէ, երբեմն կու լայ, երբեմն ուրախ է եւ երբեմն՝ տխուր։ Ոմանց կեանքին մէջ տխուրը աւելի շատ է, ոմանց ալ ուրախութիւնը, բայց կեանքի մէջ ճշմարիտ յաղթանակը՝ միշտ ուրախ ըլլալն է, միշտ ուրախ ըլլալ եւ գոհանալ ներկայ վիճակով։ Ասիկա, կեանքի մէջ երկու հակադիր վիճակներով կը յայտնուի՝ լաւատեսութիւն եւ յոռետեսութիւն։ Կեանքին դրական կամ ժխտական նայիլ։
Բայց միշտ կայ երրորդ հաւանականութիւն մը այս մասին. իրատեսութի՛ւն։
Բանականութիւնը աւելի՛ մօտ է իրատեսութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024