Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքը։ Ատենապետն ու իրեն գործակից ընկերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին պատմական քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնման ընթացքին շուրջ։ Այս ծրագիրը արդէն սկսած է եւ ներկայիս կ՚արձանագրուին շօշափելի քայլեր։ Բաց աստի, ծխական խորհուրդի անդամները Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին ալ մանրամասնութիւններ ներկայացուցին Նորին Ամենապատուութեան։
Այս թարմ տեղեկութիւններու լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց եւ իր օրհնութիւնը տուաւ ծխական խորհուրդին, որպէսզի դրական իրադարձութիւնները նոյն թափով շարունակուին։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024