ՄԱՆԿԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Չեմ գիտեր, արդեօք պէտք է զայրանա՞լ, թէ պէտք է պարզապէս շատ-շատ տխրիլ, բայց փաստը կը մնայ փաստ՝ մեր քաղաքական միտքը կը շարունակէ տհաս երեխայի մը մակարդակին մնալ եւ սա շատ տխուր է, որովհետեւ 2020 թուականէն ի վեր ստացած բազմաթիւ հարուածներէն ետք (նախորդ պատմական փորձը չհաշուած), այնուամենայնիւ, մենք կը շարունակենք պատրանքներով ապրիլ։

Ես չեմ գիտեր՝ արդեօք մեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներն ու անոնց համակրող փորձագէտները իսկապէ՞ս միամիտ են, թէ միտումնաւոր հասարակութիւնը կը խաբեն. բոլոր պարագաներուն, անոնց մանկամտութիւնը ուղղակի սահմաններ չունի:

«Դիմենք միջազգային հանրութեան, որ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրէ եւ արցախցիներուն ապահովէ իրենց հողին վրայ ապրելու իրաւունքը» թեզը՝ միամտութեան «աննախադէպ» դրսեւորում է: Միթէ՞ դէպքերու նախորդ ընթացքը ցոյց չէ տուած, որ այդ հարցը «միջազգային հանրութիւնը» բացարձակապէս չի յուզեր: Սա ամենեւին չի նշանակեր, որ համապատասխան գրասենեակներու մէջ նստած են դաժան, անգութ եւ հայերու նկատմամբ ատելութեամբ լեցուն մարդիկ: Այդպէս չէ. պարզապէս քաղաքականութեան տեսակէտէն անտեղի ռոմանթիզմ է այդ ամէնը։

Քաղաքականութիւնը հաշուարկի վրայ հիմնուած է. կշիռքի մէկ նժարին վրայ դրուած են անտուն մնացած հազարաւոր մարդկանց տառապանքները, միւսին վրայ՝ Արցախի մէջ ռուսական ներկայութեան վերացումը: Եթէ դուք որեւէ եւրոպական կամ ամերիկեան գրասենեակի մէջ նստած ըլլաք, ո՞ր նժարին գերապատուութիւն կու տաք: Եթէ Արցախի հայաթափումով ռուսերը կը հեռանան հոնտեղէն, ինչո՞ւ Արեւմուտքը անոր դէմ պէտք է ըլլար։ Եւ արդեօք հիմա Պրիւքսէլի, Ուաշինկթընի եւ անշուշտ՝ Մոսկուայի համար մէկ չէ՞, թէ ի՞նչ ազգութեամբ մարդիկ կ՚ապրին Արցախի մէջ։

Նոյն շարքէն է՝ «Արեւմուտքը կը զսպէ Ատրպէյճանը, որպէսզի մեր վրայ չյարձակի»: Բայց ինչո՞ւ պէտք է զսպէ: Որովհետեւ մենք (իբր թէ) «ժողովրդավարական երկիր ենք»: Ամերիկա քանի՞ միլիառի զէնք կը ծախէ մեղմ ըսելով, ոչ-ժողովրդավարական Սէուտական Արաբիային: Կամ՝ մեր տարածաշրջանին հետ աւելի անմիջականօրէն առնչուող հարց՝ արդեօք Միացեալ Նահանգները չի կրնա՞ր Ուքրայնային օգնել այն չափով, որ այդ երկրին բանակը կարենայ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը դուրս շպրտել իր տարածքէն:

Ի՞նչ ընենք, որ վերջ տանք մեր մանկամտութեան:

*

Ազգային ժողովի հերթական նստաշրջանը սկսաւ: Կարելի է խորհրդարանական բանավէճէն մէկ բառ չլսել ու չկարդալ եւ 100 տոկոսանոց ճշգրտութեամբ կանխատեսել, թէ ինչի մասին պիտի վիճին իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը՝ «դուք յանձներ էք» - «դուք թալաներ էք»:

Երկու կողմերն ալ սկզբունքօրէն ճիշդ են, բայց անոնց միջեւ համաչափութիւն գոյութիւն չունի. անոնք, որոնք «թալաներ են», այլեւս իշխանութիւն չեն, իսկ անոնք, որոնք «յանձներ են», իշխանութիւն են եւ, հետեւաբար, առիթ ունին շարունակելու իրենց աղէտաբեր քաղաքականութիւնը:

Բոլոր պարագաներուն, այս բանավէճը զուրկ է քաղաքական բովանդակութենէն, ներքաղաքական սթաթիւքոյի պահպանումին կը նպաստէ եւ, եթէ ես դաւադրութիւններու տեսութեան հաւատայի, ապա կը մտածէի, որ պատգամաւորները իրարու հետ նախօրօք կը պայմանաւորուին՝ քննարկումները այս հունով տանելու մասին:

Թէ՛ «թալանելը» եւ թէ՛ «յանձնելը», վերջին հաշուով, արդէն կայացած փաստեր են, եւ ես կ՚ակնկալեմ, որ խորհրդարանին մէջ կը քննարկուին մօտակայ ապագայի հետ կապուած խնդիրները: Չեմ գիտեր, թերեւս մեր քաղաքացիները իսկապէս «ուր հաց, հոն՝ կաց» սկզբունքով կ՚ապրին, բայց կան շարք մը հարցեր, որոնք զիս կը յուզեն եւ կ՚ենթադրեմ, որ խորհրդարանական երկրի մէջ Ազգային ժողովը ճիշդ այն ամպիոնն է, ուր այդ հարցերը պէտք է հնչեն:

Ի՞նչ կ՚ընէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը՝ Ատրպէյճանի զաւթած 200 քառ. քիլօմեթրը վերադարձնելու համար:

Այդ ի՞նչ «մասնաւոր պահնորդներ» պիտի հսկեն Ատրպէյճան-Հայաստան եւ Հայաստան-Նախիջեւան երթեւեկային հանգոյցները:

Արդեօք Հայաստանը մտադի՞ր է կատարել 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը՝ չպնդելով մնացած կէտերու կատարման վրայ:

Ի՞նչ եղաւ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը: Ինչո՞վ կը բացատրուի BRICS-ի հետ մերձենալու քաղաքականութիւնը:

Ինչո՞ւ Հայաստան համաձայնած է Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները առանց միջնորդներու շարունակել։

Ասոնք բարդ հարցեր են, որոնք միանշանակ պատասխաններ չունին: Ուղղակի կրնանք արձանագրել, որ նախորդ վեց տարիներու ընթացքը թոյլ կու տայ կասկածելու այդ իշխանութեան «սկզբունքներուն» վրայ: Կարծեմ, Փաշինեան Հայաստանը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ ա՛լ կրնայ դարձնել, միայն թէ իր աթոռը պահէ:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համակցուած խմբագրականներ՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024