ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ ներառուած չէ՝ ատրպէյճանցիներու վերադարձի նիւթը։

Կառավարութեան ժողովէն վերջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին փոխ-նախարարը նշեց, որ այս գործընթացը թափանցիկ է։ «Մենք մշտապէս կը տեղեկացնենք գործընթացներուն մասին, բոլոր հանդիպումներուն վերաբերեալ կը տրուին համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութիւններ, բովանդակութեան մասին մշտապէս կը տեղեկացուի թէ՛ վարչապետին եւ թէ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ», ըսաւ ան։

Կոստանեան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ պատասխանելով այն հարցման, թէ արդեօք հանրութենէն որեւէ բան կը թաքցուի՞ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ։ Բաց աստի, փոխ-նախարարին ուղղուեցաւ այլ հարցում մը, թէ Ատրպէյճանի տեսակէտէ խնդիրը ի՞նչ է, ինչո՞ւ չի համաձայնիր պայմանագիրը ստորագրելու, խնդիրը արդեօք Հայաստանի Սահմանադրութեա՞ն կը վերաբերի։ Ի պատասխան Կոստանեան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ սահմանադրական փոփոխութիւնները մեր ներքին գործընթացներն են։ Այն մտահոգութիւնները, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ պաշտօնապէս կը բարձրաձայնուին, արդէն ունեցած են իրենց պատասխանները»։

Վահան Կոստանեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին վստահեցուց, թէ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ ատրպէյճանցիներու վերադարձին մասին որեւէ կէտ չէ ներառուած։

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու։ Երկօրեայ շփումներուն ընթացքին ան մէկտեղուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Նարիշքին բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան եւ պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան միջազգային իրադրութեան առկայ հարցերը, հետախուզական գործունէութեան զանազան ոլորտներէն ներս Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ներկայ փորձառութիւնը Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ։ Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան առաջնահերթութիւները տեսանելի ապագային համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024