ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Փաշինեան Փարիզ մեկնած էր՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովին մասնակցելու համար։ Այս ծիրէն ներս ան ընդունուեցաւ Մաքրոնի եւ Ֆրանսայի վարչապետ Միշէլ Պառնիէի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Փաշինեան այցելեց նաեւ Փարիզի մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան համար ձեռք բերուած նոր շէնքը՝ ուղեկցութեամբ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան տեսակցութեան ընթացքին Մաքրոն վերահաստատեց անվերապահ աջակցութիւնը ի նպաստ Հայաստանին։
Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ քննարկումներու արդիւնքներուն՝ դիտել տալով, որ նախագծի կէտերու 80 տոկոսը արդէն համաձայնեցուած է եւ Հայաստան պատրաստ է այդ հիման վրայ ստորագրել պայմանագիրը ու շարունակել մնացեալ քննարկումները։ Վարչապետը կարեւորեց տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղեալ քայլերը՝ համոզուած ըլլալով, թէ պայմանագրի ստորագրումը կը նպաստէ այդ խնդրի լուծման։
Մաքրոնի հետ զրուցելու ընթացքին Փաշինեան արծարծեց նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուակ» նախագիծը։ Իր խօսքով՝ Հայաստան պատրաստ է ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներու հիման վրայ երթալ տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման։ Մաքրոն աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն, որոնք ուղղուած են խաղաղութեան ու կայունութեան։ Ան միեւնոյն ժամանակ ողջունեց «Խաղաղութեան խաչմերուակ» նախագիծը։
Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու ընկերային խնդիրներուն, բնակարանային ապահովման ուղղեալ Հայաստանի կառավարութեան ծրագրերուն։ Այս առումով անոնք կարեւորեցին միջազգային հանրութեան հետեւողական աջակցութիւնը՝ առկայ խնդիրներու հասցէագրման եւ լուծման համար։ Փաշինեան-Մաքրոն զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան՝ ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան հարցին մէջ կ՚ակնկալէ բարեկամ Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեան Միշէլ Պառնիէի հետ ալ զրոյցի ընթացքին քննարկեց երկկողմանի օրակարգի զանազան նիւթերը։ Այս ամբողջին մէջ շեշտը դրուեցաւ երկկողմանի տնտեսական եւ շարք մը թիրախային ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման կարեւորութեան վրայ. օրինակ՝ ուժանիւթ, թուային թեքնոլոժիներ, քաղաքաշինութիւն, գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն, առողջապահութիւն։ Վարչապետները ընդգծեցին նաեւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը՝ երկու երկիրներու զանազան վարչական միաւորներուն միջեւ կապերու ընդլայնման եւ ամրապնդման նպատակով։ Փաշինեան Պառնիէի հետ ալ շօշափեց Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը, նաեւ Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն։