ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍԳԱՅ ՆՈՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐԸ
Մարտինի Տարկեչիթ գաւառակէն երէկ հասաւ չորս ոստիկաններու նահատակութեան դժբախտ լուրը։ ՓՔՔ կազմակերպութեան կատարած ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով նահատակուեցան ապահովութեան տեսուչ Իպրահիմ Հալիլ Աքսօյ, ոստիկաններ Ահմէտ Աքալըն, Հիւսէյին Պալթա եւ Աքիֆ Հաթունօղլու։ Մարտինի կուսակալութիւնը դէպքէն ետք հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ուր կը նշուի, թէ ահաբեկիչները հրդեհած էին շինարարութեան ընթացքին գտնուող վարժարանի մը շէնքը եւ ոստիկանները կը փութային օժանդակելու հրշէջ գունդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ գործադրելու ապահովութեան միջոցներ։ Դէպքը պատահած է առաւօտեան վաղ ժամերուն, 06.50-ին, երբ ոստիկանական ինքնաշարժի անցքի ժամանակ ահաբեկիչները պայթեցուցած են նախապէս տեղադրուած պայթուցիկները։
Նահատակ ոստիկաններուն յուղարկաւորութեան արարաղութիւնը կատարուեցաւ երէկ յետմիջօրէին։
Միւս կողմէ, ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Մուշի մէջ եւս յարձակեցաւ զինուորական միաւորի մը։ Մուշէն Պուլանըք երկարող ճանապարհին տեղի ունեցած դէպքին հետեւանքով վիրաւորուեցան ութ զինուորներ։ Անոնց բուժումը կը շարունակուի։ Ապահովութեան ուժերը միջոցներու դիմած են ձերբակալելու համար յանցագործները։