Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՅԱՒԵՐԺԱՑԱԾ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ այս օրերուն բացուած է եզակի ցուցահանդէս մը։ «Ոգեղէն իրեր, յաւերժացած պատկերներ. Մատենադարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձերը» խորագրեալ այս ձեռնարկը գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ Արդարեւ, հայկական զարդարուեստի ընտիր նմոյշները փառաշուք տողանցքի մը ձեւաչափով կը ներկայացուին այցելուներուն։
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան՝ մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2024