ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀՆԵՐՈՎ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

«Հայաստան 2041» հիմնադրամը այս շրջանին նախաձեռնած է «Ուժեղ սփիւռք» ծրագրին, որու ծիրէն ներս յաղթանակած տասն նախագծի հեղինակները կը ստանան դրամաշնորհներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նախաձեռնութեան նպատակն է խրախուսել հայկական ժառանգութեան պահպանումն ու հայ համայնքներու հզօրացումը։

Երեւանի Մատենադարանին մէջ, այս ծրագրի ծանօթացման համար կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ ելոյթ մը ունեցաւ յիշեալ հիմնադրամի համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան։ Այս առթիւ ան երախտագիտութիւն յայտնեց այն բոլոր հայերուն, որոնք մշտապէս աշխոյժ ու նուիրական աշխատանք կը տանին սփիւռքի մէջ եւ հաւատարիմ կը մնան իրենց արմատներուն ու ժառանգութեան։ Աֆէեան ընդգծեց, որ «Հայաստան 2041» հիմնադրամը յոյս ունի աւելի պայծառ ապագայ կառուցել Հայաստանի եւ սփիւռքի համայնքներուն համար։

Հարկ է նշել, որ «Ուժեղ սփիւռք» ծրագրի ղեկավարն է Յասմիկ Հայրապետեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2024