ՆԱԹՕ-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
ՆԱԹՕ-ի միջազգային ռազմական սպայակոյտի պետ զօրավար Եանուշ Ատամչաքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը նախընթաց օր աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեանի հետ։ Հայաստանի պատշպանութեան նախարարութենէն ներս տեղի ունեցան բանակցութիւնները, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան ու միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր՝ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան ներկայ վիճակին, զարգացման հնարաւորութիւններուն։ Մատնանշուեցան համագործակցութեան առաւել նպատակայարմար ուղղութիւնները։
ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչին նկատառման յանձնուեցաւ Հայաստանի բանակի բարեփոխումներու ընթացքը։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր եւ կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն շուրջ։