ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Վեհափառ Հայրապետը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Նիւ Եորք, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ կ՚ունենայ Արեւելեան թեմի թեմական խորհուրդի եւ ազգային այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին նաեւ, որ Նորին Սրբութիւնը կը մասնակցի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովին, որու աշխատանքները նախատեսուած են ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին։
Կը նախատեսուի, որ Վեհափառ Հայրապետը շուրջ շաբաթ մը վերջ վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։