ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՄԵՆԵՐԳԻՉ ՏՈՄԻՆԿՕ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ
Աշխարհահռչակ մեներգիչ, օփերայի կենդանի առասպել Փլասիտօ Տոմինկօ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, ուր շատ ջերմ վերաբերմունքի առարկայ կը դառնայ։ Երեւանի 16-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի շրջանակներէն ներս, այսօր երեկոյեան նախատեսուած է մեծ համերգ մը, որ տեղի կ՚ունենայ «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ։ Երեւանի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ նախատեսուած է ձեռնարկը։ Մայրաքաղաքի Օփերայի համալիրէն ներս Տոմինկոյի առընթեր հանդէս կու գայ նաեւ յայտնի սոփրանօ Ճուլիանա Գրիգորեան, որ երաժշտական աշխարհէ ներս վերջին շրջանին աննախընթաց վերելքով ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Այս վերջինը դարձած է «Օփերալիա 2022» համաշխարհային մրցոյթի առաջին դափնեկիրը։ Երկու նշանաւոր մեներգիչները հանդէս կու գան՝ Հայաստանի Ազգային ֆիլարմոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ։ Համերգը կը ղեկավարէ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Էտուարտ Թոփճեան։ Յայտագրի ընթացքին կը հնչեն արիաներ, զուգերգներ եւ նախերանգներ յայտնի զանազան օփերաներէ։
Էտուարտ Թոփճեան համոզուած է, թէ Տոմինկոյի նման մեծանուն աստղի մը Երեւանի 16-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնին մասնակցիլը յատկանշական իրադարձութիւն մըն է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ միջազգային երաժշտական հանրութեան տեսակէտէ։ Փլասիտօ Տոմինկօ արդէն երկրորդ անգամ կ՚այցելէ Հայաստան։
Աշխարհահռչակ արուեստագէտը երէկ հիրընկալուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Տիգրան Աւինեան Տոմինկոն պարգեւատրած է՝ Երեւանի քաղաքապետի ոսկէ մետայլով։