ԲՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ
Մարդ կը մասնակցի իմաստութեան եւ բարութեան Արարչին, որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը, ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։
Այս իմաստով «բնական օրէնք»ը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական նշանակութիւնը՝ որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է եւ սուտ։ Ուրեմն «բնական օրէնք»ը բարոյական օրէնքին մէկ արտայայտութիւնն է, ինչպէս՝ յաւիտենական օրէնքը, յայտնուած օրէնքը, քաղաքացիական օրէնքը, եկեղեցական օրէնքը, բոլորն ալ համազօդուած իրարու։ Բնական օրէնքը գրուած ու փորագրուած է հոգիին մէջ բոլոր մարդոց եւ մարդոց իւրաքանչիւրին, քանի որ ան «մարդկային բանականութիւն»ն է, որ կը հրամայէ գործել բարին եւ կ՚արգիլէ մեղանչել։ Բայց մարդկային բանականութեան այս պատուէրը չի կրնար օրէնքի զօրութիւն ունենալ, եթէ ան միանգամայն չըլլայ ձայնն ու թարգմանը աւելի բարձր իմացականութեան մը՝ որուն հպատակելու են մարդկային միտքն ու մարդկային ազատութիւնը։ Բնական օրէնքը՝ որ աստուածային է միանգամայն, ցոյց կու տայ մարդուն այն ճամբան՝ որուն ան պիտի հետեւի, գործելու համար «բարի»ն եւ հասնելու համար իր վախճանին։
«Բնական օրէնք»ը ցոյց կու տայ առաջին եւ էական պատուէրները՝ որոնք կը կառավարեն բարոյական կեանքը։
«Բնական օրէնք»ը իբրեւ առանցք ունի Աստուծոյ տենչը եւ հնազանդութիւնը, աղբիւր եւ դատաւոր ամէն «բարի»ի, ինչպէս նաեւ ըմբռնումը «ուրիշ»ին կամ իր «նման»ին՝ իբրեւ համահաւասար իր «անձ»ին։ Ան ցուցակագրուած է Տասնաբանեային մէջ իր գլխաւոր պատուէրներուն տակ։
«Բնական օրէնք» կոչուած է ան եւ բնական է՝ ո՛չ թէ անբան արարածներուն հետ, անոնց բնութեան հետ առընչութիւն ունենալուն համար, այլ որովհետեւ զայն հրահանգող բանականութիւնը կը պատկանի մարդկային բնութեան իբրեւ անոր սեփակա՛ն։
Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ.
«Ուրեմն ո՞ւր արձանագրուած են այս կանոնները, եթէ ո՛չ այն լոյսի մատեանին մէջ՝ զոր կը կոչեն ճշմարտութիւն։ Հոն է որ արձանագրուած է ամէն արդար օրէնք, անկէ է որ ան կ՚անցնի արդարութիւն գործող մարդուն սրտին մէջ, ո՛չ թէ հոն գաղթելով, հապա հաստատելով անոր մէջ իր դրոշմը, նման կնիքի մը՝ որ մատանիէն կ՚անցնի մոմին առանց լքելու մատանին»։
Իսկ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ.
«Բնական օրէնքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ լոյսը բանականութեան՝ որ դրուած է մեր մէջ Աստուծմէ, անով կը ճանչնանք ի՛նչ որ պէտք է կատարենք եւ ի՛նչ որ չկատարենք, ի՛նչ բանէ պէտք է զգուշանանք, հեռու պահենք մենք զմեզ։ Այս լոյսը կամ այս օրէնքը Աստուած մարդուն տուած է արարչագործութեան պահուն»։
Բնական օրէնքը՝ որ ներկայ է իւրաքանչիւր անձի սրտին մէջ եւ վերահաստատուած՝ անոր բանականութեան կողմէ, ընդհանրական է իր պատուէրներուն մէջ. իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածուի բոլոր մարդոց վրայ։ Ան կ՚արտայայտէ անձին արժանապատուութիւնը եւ կը սահմանէ հիմն անոր իրաւունքներուն եւ անոր հիմնական պարտականութիւններուն։
Մարկոս Թուլիուս Չիչերօ կ՚ըսէ.
«Անշուշտ ճշմարիտ օրէնք մը գոյութիւն ունի, անիկա ուղիղ իմացականութիւնն է. ան համաձեւ է բնութեան հետ, սփռուած՝ բոլոր մարդոց մօտ, ան անփոփոխելի եւ յաւիտենակա՛ն է։ Անոր հրահանգները պարտականութեան կո՛չ մըն են։ Անոր դրած արգելքները կը զգուշացնեն յանցանքէն։ Սրբապղծութիւն է ներհակ օրէնքով փոխարինել զայն։ Արգիլուած է չգործադրել անոր որեւէ մէկ տնօրինումը. իսկ զայն ամբողջութեամբ յետսկոչելը, ո՛չ ոքին տրուած է»։
«Բնական օրէնք»ին գործադրութիւնը բազմատեսակ է. ան կրնայ, կեանքի պայմաններուն բազմազանութեան հետ յարմարցուած, խորհրդածութիւն պահանջել ըստ վայրերու, ժամանակաշրջաններու եւ պարագաներու։ Սակայն մշակոյթներուն զանազանութեան պարագային՝ բնական օրէնքը կը մնայ իբրեւ «կանոն» մը՝ որ մարդիկը իրարու կը զօդէ եւ անխուսափելի տարբերութիւններէն անդին, հասարակաց սկզբունքներ կը պարտադրէ անոնց։
Արդարեւ բնական օրէնքը անյեղլի եւ յարակայ կը մնայ պատմութեան յեղաշրջումներուն մէջ. ան կը գոյատեւէ գաղափարներու եւ բարքերուն մակընթացութեան տակ եւ թիկունք կը կանգնի անոր յառաջդիմութեան։ Զայն արտայայտող կանոնները կը մնան ըստ իրենց էութեան վաւերական։ Նոյնիսկ եթէ մարդ ժխտէ մինչեւ իսկ անոր սկզբունքները, սակայն չի՛ կրնար զայն քանդել եւ ոչ ալ զայն հանել մարդուն սրտէն։ Ան միշտ կը վերընձիւղէ անհատներուն եւ ընկերութիւններուն կեանքին մէջ։
Եւ դարձեալ Սուրբ Օգոստինոսն է որ կ՚ըսէ.
«Գողութիւնը ստուգապէս պատժուած է Քու Օրէնքիդ կողմէ, Տէ՛ր, բայց նաեւ այն օրէնքին կողմէ, որ գրուած է մարդուն սրտին մէջ եւ զոր անբարշտութիւնն անգամ չի ջնջեր»։
Արարչին շատ բարի գործն է բնական օրէնքը՝ որ կը հայթայթէ ամուր հիմերը՝ որոնց վրայ մարդը կրնայ կառուցանել բարոյական օրէնքին ու կանոններուն շէնքը, որոնք պիտի առաջնորդեն անոր ընտրանքները։
Ան կը դնէ նաեւ բարոյական անհրաժեշտ հիմը մարդոց հասարակութեան կերտումին, վերջապէս կը հայթայթէ անհրաժեշտ հիմը «քաղաքացիական օրէնք»ին՝ որ անոր կը զօդուի, ըլլա՛յ խորհրդածութեամբ մը, որ անոր սկզբունքներէն եզրակացութիւններ կը քաղէ, ըլլա՛յ նաեւ դրական ու իրական յաւելումներով։
«Բնական օրէնք»ին պատուէրները յստակ ու անմիջական կերպով չեն իմացուած բոլորէն։
Ներկայ կացութեան մէջ, յայտնութիւնը եւ շնորհքը անհրաժե՛շտ են «մեղաւոր մարդ»ուն համար՝ որպէսզի կրօնական եւ բարոյական ճշմարտութիւնները կարենան ճանչցուիլ բոլորէն եւ առանց դժուարութեան, հաստատ ստուգութեամբ եւ սխալի խառնուրդէ զե՛րծ։ Բնական օրէնքը յայտնեալ օրէնքին եւ շնորհքին կը հայթայթէ հի՛մ մը, որ Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած է եւ յարմարցուած՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ։
Սուրբ Օգոստինոսն է որ դարձեալ կ՚ըսէ.
«Աստուած Օրէնքին տախտակներուն վրայ դրոշմեց ի՛նչ որ մարդիկ չէին կարդար իրենց սրտերուն մէջ»։ Ուստի Տասնաբանեան ամէն մարդու խղճմտանքին ընծայուած լո՛յս մըն է, յայտնելու համար անոր՝ Աստուծոյ կոչը եւ ճանապարհները, եւ պաշտպանելու համար զինք չարին դէմ։
Քրիստոնեայ աւանդութեան համաձայն, սուրբ, բարի եւ հոգեւոր Օրէնքը տակաւին անկատար է։
Ան, որպէս դաստիարակ ցոյց կու տայ ի՛նչ որ պէտք է ընել, բայց ինքնին չի տար Սուրբ Հոգիին ուժը, շնորհքը՝ գործադրելու համար զայն…։
Արդարեւ անոնք որ իշխանութիւն կը վարեն, պարտին հնազանդի՛լ «բնական օրէնք»ի տրամադրութեան։
Իշխանութիւն վարողներ պարտին իբրեւ ծառայութիւն վարել զայն։ Ուստի իշխանութեան մը կիրարկումը բարոյապէս չափուած է իր տրամաբանական ու բանական բնութեան եւ աստուածային ծագումին եւ յատկապէս կոչուած առարկային համեմատ։ Ո՛չ ոք կրնայ հրամայել կամ կարգել բան մը՝ որ հակառակ է անձերու արժանապատուութեան եւ բնական օրէնքին։ Այլապէս մարդ ի խղճէ պարտաւո՛ր է չհետեւիլ այն հրահանգներուն՝ որոնք հակառակ են բարոյական կարգի պահանջքներուն, անձերու հիմնական իրաւունքներուն, ազատութիւններուն եւ մանաւանդ արժանապատուութեան, բարոյական ուսուցումներուն եւ մէկ խօսքով՝ բարոյական օրէնքի՛ն։ Անայլայլելի եւ մշտնջենական սկզբունքն է՝ Կեսարինը տալ Կեսարին եւ Աստուծունը՝ Աստուծոյ (ՄԱՏԹ. ԻԲ 21)։
Արդարեւ այն վարչաձեւերը որոնց բնութիւնը հակառակ է «բնական օրէնք»ին, հակառակ է հանրային կարգին եւ անձերուն հիմնական իրաւունքին ու արժանապատ-ւութեան, անոնք չե՛ն կրնար իրագործել հասարակաց բարիքը ժողովուրդին եւ ազգերուն՝ որոնց վրայ պարտադրած են իրենք զիրենք։ Վարչաձեւերուն բազմութիւնը բարոյապէս ընդունելի է, պայմանաւ որ անոնք գործակցին իրաւական բարիքին եւ բնական օրէնքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2, 2015, Իսթանպուլ