Հալէպի Հայկական Վարժարանները Սեպտեմբերի 15-ին Պիտի Սկսին 2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջանին
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային վարչութիւնը կը յայտարարէ, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային վարժարանները, համաձայն կրթութեան նախարարութեան համապատասխան որոշումներուն, 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին պիտի սկսին Սեպտեմբերի 15-ին:
Հալէպի ազգային վարժարանները պիտի գործեն հետեւեալ ձեւաչափով. մէկ ազգային մանկապարտէզ, երկու նախակրթարան՝Ազգային Հայկազեան-Կիւլպէնկեան եւ Ազգային Սահակեան-Զաւարեան, մէկ միջնակարգ վարժարան՝ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան:
Հալէպի մէջ ստեղծուած իրավիճակի պատճառով վարժարանները պիտի գործեն ազգային Կիւլպէնկեան շէնքին մէջ:
Միւս կողմէ, արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր Հալէպի տարածքին ելեկտրականութիւնը անջատուած է, սակայն հալէպցիները կ՚օգտուին ելեկտրածին սարքերէ: Ջուրի ընկերութեան կողմէ ջրամատակարարումը քանի մը օրէ դադրած է, ջրամատակարումը կը կատարուի հերթականութեամբ տարբեր շրջաններու մէջ: Տագնապներու շարքին կը նշուի նաեւ պենզինի հարցը, որուն գիները արդէն բարձրացած են: Զանազան պենզինի կայաններու դիմաց կարելի է տեսնել ինքնաշարժներու երկար հերթեր: Տեւական կենցաղային ճգնաժամը կը շարունակուի: