ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ Կ՚ԸՆԴԱՌԱՋԷ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԿՈՉԻՆ

Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դը կը միա­նայ ա­նուա­նի ա­րուես­տա­գէտ ու Պեռ­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Շարլ Ազ­նա­ւու­րի այն կո­չին, որ կը վե­րա­բե­րէր Եւ­րո­պա ժա­մա­նող գաղ­թա­կան­նե­րը Ֆրան­սա­յի հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րուն եւ քա­ղաք­նե­րուն մէջ ըն­դու­նե­լու։

Այս առ­թիւ յի­շեալ խոր­հուր­դին կող­մէ ե­ղած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշուի, թէ Սու­րիա, որ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն դար­ձաւ բազ­մա­թիւ հա­յե­րու ա­պաս­տան, այ­սօր կը տես­նէ, թէ ինչ­պէս իր ժո­ղո­վուր­դը բռնած է աք­սո­րի ճամ­բան։ Չկայ օր մը, երբ սու­րիա­ցի­ներ չփոր­ձեն ա­պաս­տան գտնել եւ վե­րա­կանգ­նել ի­րենց բնա­կա­նոն կեան­քը Եւ­րո­պա­յի մէջ։

Շարլ Ազ­նա­ւուր 1 Սեպ­տեմ­բե­րին կոչ ը­րաւ Ֆրան­սա­յին՝ իր ներդ­րու­մը բե­րե­լու գաղ­թա­կան­նե­րուն ա­պաս­տան տա­լու գոր­ծին։ Ա­նոնք վտան­գի եզ­րին են, սա­կայն ու­նին մեծ նե­րուժ՝ ի­րենց հմտու­թիւն­նե­րով ու աշ­խա­տու­ժով։

«Ֆրան­սա­յի հայ հա­մայն­քը, հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լա­լով հա­մե­րաշ­խու­թեան ո­գիին Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին հետ, ո­րոնք ի­րենց դռնե­րը բա­ցին 1915-16 թուա­կան­նե­րուն հա­յե­րուն առ­ջեւ, չի կրնար ան­տար­բեր մնալ ա­նոնց նկատ­մամբ։ Այ­սօ­րուան գաղ­թա­կան­նե­րը կրնան Ֆրան­սա­յի հա­մար դառ­նալ այ­ցե­տոմս եւ ա­նոնց կա­րե­լիու­թիւն տա­լու պա­րա­գա­յին՝ յա­ջո­ղու­թեամբ ծա­ռա­յել Ֆրան­սա­յին, տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ։ Ա­տոր հա­մար ալ Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դը կը միա­յան Շարլ Ազ­նա­ւու­րի կո­չին, որ­պէս­զի իր ներդ­րու­մը բե­րէ գաղ­թա­կան­նե­րուն օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու եւ գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու գոր­ծին», ը­սուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Ար­դա­րեւ Շարլ Ազ­նա­ւուր Եւ­րո­պա ժա­մա­նող գաղ­թա­կան­նե­րուն օգ­նե­լու կոչ ուղ­ղած էր։ «Ես ծանր տա­ռա­պանք կ՚ապ­րիմ, երբ կը տես­նեմ այդ մար­դոց բազ­մու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը թա­փա­ռին ի­րենց մա­նուկ­նե­րուն հետ։ Բա­րե­բախ­տա­բար, ես ան­ձամբ չեմ ճա­շա­կած նման դառ­նու­թիւն­ներ, բայց վստահ եմ, որ ա­նոնք բա­ժին հա­սած էին իմ գաղ­թա­կան ծնող­նե­րուս։ Հարկ է հոգ տա­նիլ ա­նոնց ա­պա­գա­յին, բա­րե­լա­ւել ա­նոնց վի­ճա­կը», ը­սած էր ան։

Այդ ա­ռըն­չու­թեամբ ան յի­շե­ցու­ցած էր իր կող­մէ ար­դէն ա­ռա­ջար­կուած գա­ղա­փա­րը՝ գաղ­թա­կան­նե­րը բնա­կեց­նել Ֆրան­սա­յի հե­ռա­ւոր բնա­կա­վայ­րե­րու, փոքր քա­ղաք­նե­րու ու գիւ­ղե­րու մէջ, ո­րոնք լքուած են տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ։

«Այդ­պէ­սով, այդ բնա­կա­վայ­րե­րը կը հարս­տա­նան նոր ու­ժով։ Այդ գաղ­թա­կան­նե­րուն մէջ կան տար­բեր մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու տէր մար­դիկ՝ բժիշկ­ներ, մե­քե­նա­գէտ­ներ, հաց­թուխ­ներ։ Ա­նոնց ջան­քե­րը թոյլ կու տան այդ ա­ւան­նե­րու մէջ վե­րա­բա­նալ դպրոց­նե­րը, նա­մա­կատ­նա­յին բա­ժան­մունք­նե­րը», նշած էր ան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015