ՀԱՅ ՏՊԱԳԻՐ ՄԱՄՈՒԼԸ (ԱՄՓՈՓ ԱԿՆԱՐԿ)
Մամուլը իր ծագումէն ի վեր՝ 15-րդ դարուն, իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցած է մարդու կեանքէն ներս: Բնականաբար, սկզբնական շրջանին չէ՛ ունեցած այն վիճակը, ինչ սկսաւ ունենալ 19-րդ դարէն սկսեալ, եւ կը շարունակէ ունենալ մինչեւ այսօր, մնայուն կերպով զարգացում եւ յառաջընթաց արձանագրելով:
Մամուլ լայն հասկացողութիւն մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ տպագիր թերթեր, ամսագրեր, գիրքեր, ինչպէս նաեւ լսողատեսական տարբեր տեսակի հեռարձակումներ, տեսագրութիւններ եւ ձայնագրութիւններ:
Մամուլը միշտ նպատակ ունեցած է մէկ կողմէ մարդիկը կրթել՝ ընթերցանութեան միջոցով, միւս կողմէ, մարդիկը իրազեկել կատարուող իրադարձութիւններուն եւ դէպքերուն:
Հայերուս մօտ տպագիր մամուլը ծնունդ առաւ 18-րդ դարու մայրամուտին, երբ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ 14 հոկտեմբեր 1794-ին լոյս աշխարհ եկաւ հայկական առաջին պարբերականը՝ «Ազդարար»ը: Պարբերաթերթը ամիսը մէկ անգամ լոյս տեսած է, մինչեւ մարտ 1796-ը, ունենալով 18 թիւ: «Ազդարար»ի հիմնադիրն ու խմբագիրը եղած է Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեան:
19-րդ դարու երկրորդ կիսուն հայկական տպագիր մամուլը վերելք ու աճ ապրած է, որով 20-րդ դարասկիզբին կարելի է հաշուել տպագիր աւելի քան 500 անուն մամուլ (օրաթերթ, շաբաթաթերթ, երկշաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ տարեգիրք):
Անցեալի մամուլը ներկայի համար հայ ժողովուդրի եւ հայոց աշխարհի ընկերային, մշակութային, հոգեւոր, քաղաքական կեանքի ուսումնասիրութեան համար ամենէն կարեւոր սկզբնաղբիւրներէն մէկն է, որովհետեւ այդ մամուլի էջերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքական, հոգեւոր, տնտեսական, ընկերային, գեղարուեստի, մշակոյթի երեսներուն վերաբերող տեղեկութիւններու, ինչ որ դժուար կարելի ըլլայ ուրիշ տեղ գտնել:
Կարելի չէ խօսիլ հայ մամուլի մասին ու չխօսիլ այդ մամուլի կենդանի ռահվիրային ու նահապետին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին, որ այս տարի պիտի թեւակոխէ իր 117-րդ տարին: Դար մը եւ աւելի ամբողջ հաւատարիմ հայ գիրին ու գրականութեան, հաւատարիմ իր կոչումին, ԺԱՄԱՆԱԿ նաւարկեց՝ դիմադրելով ամեհի ալիքներու, եւ այսօր եւս, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու, տակաւին անձնուիրութեամբ կը շարունակէ իր դրօշակը բարձր պահել եւ ընթանալ դէպի ապագայ:
Այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ լոյս կը տեսնեն շուրջ 100-ի հասնող տպագիր մամուլ:
Ներկայիս, պէտք է խոստովանիլ, որ տպագիր մամուլ պահելը հսկայ աշխատանք կը պահանջէ եւ օր օրի կը դժուարանայ այդ գործընթացը: Հակառակ այս իրողութեան, ամէն օր աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ հայերէն տպագիր մամուլ լոյս աշխարհ կու գայ:
Կ՚աւարտենք Վարդան Մատթէոսեանի՝ «Հպանցիկ նշումներ հայ մամուլի մասին» յօդուածէն հատուած մը մէջբերելով, ուր հեղինակը անդրադարձ կը կատարէ մամուլին եւ լեզուին: Մատթէոսեան կը գրէ.
Այս բոլորին մէջ, մամուլը՝ տպագիր թէ ելեկտրոնային, իր անցեալի լեզուական դերակատարութիւնը կը շարունակէ պահել։ Սակայն, գաղտնիք մը չէ, որ վերջին տասնամեակներուն, բազմաթիւ պատճառներով, որոնց քննարկումը բաւական հեոու պիտի երթար, արեւմտահայերէնով գրուած մամուլը ցոյց կու տայ մաշումի հետեւանքները։
Ժամանակին, աշխարհի չորս կողմը սերունդ ունեցանք, որ հայերէն սորված է՝ թերթ կարդալով։ Արդեօք այսօր կրնա՞նք հայ մամուլը յանձնարարել որպէս լեզուական ուսուցման աղբիւր։ Դժբախտաբար, առարկայական իրողութիւն է, որ այսօր կարելի չէ թերթ բանալ անվախօրէն։ Անշուշտ, խօսքը խմբագրական վրիպումներու կամ սրբագրական թերացումներու մասին չէ։ Ոչ ալ կը խօսինք վիճարկելի կամ սխալ քերականական-ուղղագրական կէտերու մասին, որոնք ժամանակին Հ. Արսէն Ղազիկեանի, Բենիամին Թաշեանի կամ այլոց հետազօտութեան եւ պարզաբանման կալուածը դարձած են ու մինչեւ այսօր կը դառնան։ Մեր խօսքը կը վերաբերի քանի մը հիմնական կէտերու, որոնք սփիւռքահայ մամուլի ներկային ու անմիջական ապագային հետ առընչուած են՝ լեզուական իմաստով.
ա) Մամուլի լեզուի ընդհանուր աղճատում ու համահարթեցում,
բ) Արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն անհարկի խառնելու իրողութիւններ,
գ) Օտար լեզուներու (ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլք՝ ըստ շրջանի) ճնշումի բազմացում,
դ) Հայերէնի քերականութեան տարրական կանոններու իմացութեան պակաս,
ե) Ուղղագրական սխալներու աճը, ինչպէս եւ խորհրդային ուղղագրութեամբ գրուած յօդուածներու հիւրընկալումը։
Եթէ կը շեշտենք այս երեւոյթները, պատճառը այն է, որ հայ մամուլը (տպագիր թէ ելեկտրոնային) տակաւին աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայութեան հաւաքական հանդիպումի գլխաւոր վայրերէն մէկն է։ Այս իմաստով, ընկերային ցանցերը չեն փոխարինած զայն, որովհետեւ անոնց տարածքին տեղի ունեցողը անհատական, թէկուզ եւ հրապարակային, հանդիպում մըն է (անձ մը կը հետեւի կամ կը կարդայ ուրիշ անձի մը գրածը կամ տեղադրածը), որ իր ներկայ բնոյթով հաւաքական հանդիպումի տեղը չի կրնար գրաւել։ Երբ մարդիկ կ՚ըսեն, թէ իրենց լուրերը Դիմագիրքէն կ՚առնեն, պէտք է նկատի ունենալ, որ անոնց աղբիւրը ընդամէնը լուրի մը կմախքն է, օրինակ՝ տուեալ անձի մը մահուան լուրը կամ նոյնիսկ (բացառիկ պարագաներու) քանի մը տուեալներէ բաղկացած կենսագրական մը, կամ փոքրաչափ լրատուութիւն մը։ Եթէ ոչ՝ լաւագոյն պարագային, դէպի օրաթերթի մը ելեկտրոնային տարբերակը կամ լրատուական կայքէջ մը առաջնորդող կապը։ Ասիկա կրնա՞յ փոխարինել թերթէ մը ակնկալելի լրատուութիւնը, տեղեկութեան (information) եւ ո՛չ թէ տուեալներու (data) հաղորդումը, երեւոյթին արժեւորումը։
Երկրորդ պատճառը այն է, որ հայ մամուլը արեւմտահայերէնի անմիջական զարգացման առաջին աստիճանը կամ փորձաքարը կը հանդիսանայ՝ գրականութեան հասնելէ առաջ։ Ի վերջոյ, լեզուական բնաշրջման երեւոյթները առաջին հերթին տեղի ունեցած են եւ տեղի կ՚ունենան մամուլին մէջ, որմէ յետոյ թափանցած են ու կը թափանցեն գրական-գեղարուեստական թէ ուսումնասիրական երկերու մէջ։
Եւ քանի որ հասանք մամուլի ու գրականութեան առընչութեան, ուրեմն պէտք է շեշտել, որ մամուլը ընդհանրապէս անփոխարինելի դեր ունի մեր մշակոյթի փոխանցման մէջ։ Խօսքը չի վերաբերիր պարզապէս մշակութային լրատուութեան կամ պատմական երեւոյթներու անդրադարձին (յոբելեաններ, գրական հին էջերու արտատպում, եւ այլն), այլ վճռականօրէն զարկ տալու մշակութային-մտաւորական աշխատանքին։ Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ երբ գրական հայատառ մամուլը շեշտակի վայրէջք մը կ՚ապրի այս օրերուն՝ յատկապէս հրատարակութիւններու քանակով (նաեւ՝ հայագիտական մամուլը), այդ բեռը կ՚իյնայ ընթացիկ մամուլի ուսերուն վրայ։ Թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուի կամ ընթանայ այդ աշխատանքը, կը մնայ տարբեր խօսակցութեան նիւթ։ Կը հաւատանք, ամէն պարագայի, որ այդ աշխատանքը չի կրնար պարզապէս անցեալի կրկնութիւն մը ըլլալ, այսինքն՝ սովորական կարծրատիպերու կրկնութիւնը, այլ պարտի դուռ բանալ արդիական, հոգ չէ թէ վիճայարոյց, սակայն ազատ քննարկման մթնոլորտի մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ