ԹԵՀՐԱՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՊԱՔՈՒՆ

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Ատրպէյճանը զգուշացուց՝ տարածաշրջանէն ներս օտար պետութիւններու հաստատման կամ ներթափանցման հաւանական հետեւանքներուն դէմ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փեզեշքիան Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետը ընդունելու ժամանակ շեշտեց, որ որեւէ պետութեան ինքնիշխանութիւնը պէտք չէ անտեսուի։ Ան զգուշացուց տարածաշրջանէն ներս դուրսի ուժերու ստեղծելիք սարսափելի հետեւանքներուն դէմ։

Փեզեշքիան Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւը։ Այս վերջինը համանախագահն է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն կողմէ գլխաւորուած այն յանձնաժողովին, որ կը զբաղի տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակմամբ։ Մուսթաֆաեւի հետ զրուցելու ընթացքին Փեզեշքիան նշեց, որ տարածաշրջանէն ներս օտար պետութիւններու համար պարարտ հող ստեղծելը չի բխիր Հարաւային Կովկասի երկիրներու շահերէն։

«Մենք կը հաւատանք, թէ համագործակցութեան միջոցաւ կարելի է ապահովել անվտանգութիւն եւ լուծել մեր խնդիրները։ Սա Իրանի վարչակազմի սկզբունքային քաղաքականութիւնն է, ինչ որ մենք միշտ ընդգծած ենք», նշեց Փեզեշքիան։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ անիրատես կը համարէ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման վերաբերեալ Հայաստանի առաջարկը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024