Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՄԻՇՈՒՍԹԻՆ-ԱՍԱՏՈՎ ԶՐՈՅՑ
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայէլ Միշուսթին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները քննարկեցին Մոսկուա-Պաքու ռազմավարական գործընկերութեան ընթացիկ հարցերը։ Անոնք անդրադարձան փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն։
Միշուսթին եւ Ասատով հաստատեցին երկկողմանի օրակարգի բոլոր հարցերուն շուրջ աշխատանքը շարունակելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024