ՄԱՀ՝ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԵՐԱԺԻՇՏ ԿԱՐՊԻՍ ԱՓՐԻԿԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ֆրանսահայ համայնքը զրկուած է իր տիրական դէմքերէն՝ Կարպիս Ափրիկեանէն, որ 98 տարեկան հասակին կնքած է մահկանացուն։ Վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի մահը խոր ցաւ յառաջացուցած է ֆրանսահայ շրջանակներէն ներս։

Փարիզի մեր պաշտօնակից «Նոր Յառաջ»ը բօթին արձագանգելով կ՚ընդգծէ, որ մաէսթրոյի տասնամեակներու վաստակը անկարելի է ամփոփել քանի մը սեղմ տողի մէջ։ Կարպիս Ափրիկեան «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի առանցքային դէմքը հանդիսացած է։ Տասնամեակներ շարունակ եղած է այդ երգչախումբին խմբավարը ու զայն հասցուցած բարձրակէտին։ «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» դիւցազներգութիւնն ալ կ՚առանձնանայ իր մեծ վաստակի ամբողջին մէջ՝ որպէս անոր կարեւոր յօրինումը, ի շարս այլ բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու։

Կարպիս Ափրիկեանին քանի մը օր առաջ շնորհուած էր Փարիզի քաղաքապետարանի «Մեծ Վերմէյլ» շքանշանը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024