ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան դէպի Աստանա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի կողմէ։ Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Վահագն Խաչատուրեան նշեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Ղազախիստանի հետ համագործակցութիւնը զարգացնելով՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ուղղութիւններով։ Նախագահները մանրամասն քննարկեցին երկու երկիրներու համագործակցութեան հեռանկարները։ Բանակցութիւններու ընթացքին անոնք անդրադարձան տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի ընթացիկ հարցերուն։ Կողմերը մասնաւորապէս շեշտեցին այն հանգամանքը, թէ Հայաստանի եւ Ղազախիստանի միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան եւ համագործակցութեան պայմանագրի ստորագրման 25-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Այդ փաստաթուղթը ձեւաւորած է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամուր հաստատութենական հիմքը։
Աստանայի մէջ Վահագն Խաչատուրեան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Ղազախիստանի հանրային կառավարման ակադեմիայէն ներս, ուր մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։
Բաց աստի, երկու նախագահները ներկայ գտնուեցան Ղազախիստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան։