ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅ

Մեր ներկան շա՜տ բան կը խօսի մեր ապագային մասին, թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական առումներով: Ցաւով կ՚արձանագրենք, որ ժխտականը շատ աւելի ծանրակշիռ է, քան դրականը: Ամէն պարագայի, միշտ յոյսով կ՚ողողենք մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ քան մեր ներկան կամ անցեալը:

Իրապէս այդպէ՞ս է:

Նախքան պատասխանելը մէջբերեմ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին մէկ մտածումը երիտասարդութեան մասին, եւ նոր միասնաբար փորձենք պատասխանել հարցումին: Վեհափառը կը գրէ. «Երիտասարդութիւնը, յաճախ ըսուած է, յո՛յսն է ազգի մը կամ եկեղեցիի մը ապագայի նուաճումներուն եւ յաղթանակին: Ինչպէս հայ ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Եթէ ծառը գարնան ծաղկած չէ, զուր է անկէ աշնան պտուղ սպասել»: Գարունը երիտասարդութիւնն է»:

Հիմա վերի հարցումին հարցում մըն ալ աւելցնենք ու պատասխանենք: Մեր ազգին գարունը լաւ ու առողջ վիճակի մէ՞ջ է:

Արուեստագիտութեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին մէջ կ՚ապրինք, ուր մէկ կողմէ ամէն ինչ լաւ ու վարդագոյն կ՚երեւի, միւս կողմէ սակայն, վատ ու գորշ:

Արժէքներու, աւանդութիւններու, սկզբունքներու եւ համոզումներու անկում, աւելի ճիշդ յեղափոխութիւն մը կը կատարուի: Երիտասարդութիւն եւ աւագ սերունդ երկու հակառակ բեւեռներու վերածուած են, եւ զիրար կը հարուածեն: Մէկ կողմէ երիտասարդները նորարարութիւններով, նոր սկզբունքներով եւ համոզումներով կը փորձեն նորութիւններ բերել, նոր ընկալումներ մտցնել մեր իրականութենէն ներս, միւս կողմէ աւագ սերունդի ներկայացուցիչները կը յամառին իրենց ստացած ժառանգութեան վրայ եւ չե՛ն ուզեր չմտածուած եւ չսերտուած քայլերու դիմել, որպէսզի յանկարծ եղածն ալ չկորսուի:

Երկու բեւեռներն ալ իրենց յամառութեան մէջ անյողդողդ են: Ո՛չ երիտասարդները կ՚ուզեն մեծերուն լսել, ո՛չ ալ մեծերը՝ երիտասարդներուն: Երբ զիրար գովելու առիթ ըլլայ, երկու կողմերն ալ չեն զլանար ճոռոմաբանութեամբ մէկը միւսը գգուել, մեծարել, շեշտել իւրաքանչիւրին կենսական անհրաժեշտութիւնը իրենց առօրեայէն ներս…: Իրականութիւնը, սակայն, ամբողջութեամբ տարբեր է, որովհետեւ, ժողովուրդին ըսելով՝ «մէկը միւսին կոխած տեղը չ՚ուզեր»: Այսպիսով, բնականաբար սպասել կամ յուսալ, որ մեր ապագան լաւ պիտի ըլլայ, քիչ մը ծիծաղելի կը թուի…:

***

Այսօրուան երիստասարդութիւնը տարուած է արուեստագիտութեամբ եւ ուսումով, հաճոյքով եւ թեթեւ կեանք ապրելով: Իրեն համար ազգային ու եկեղեցական արժէքներ, հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սկզբունքներ եւ ընկալումներ, դպրոց, հայրենակցական միութիւն կամ կուսակցութիւն, ընտանիք, եկեղեցի, վանք, ամրոց, այդքան ալ չեն հետաքրքրեր: Եթէ ասկէ շուրջ տասը տարիներ առաջ սփիւռքի երիտասարդութիւնը Հայաստան կու գար եւ անպայման կը փափաքէր գոնէ մէկ անգամ Խոր Վիրապ, Ջերմուկ կամ Սեւան երթալ, ապա այսօր Երեւանէն դուրս ելլել չ՚ուզեր, որովհետեւ զինք հետաքրքրող բաները Երեւանի մէջ կը գտնէ, շատ-շատ հասնի Իջեւան, Դիլիջան կամ Ծաղկաձոր, ուր նաեւ կրնայ գտնել զինք բաւարարող զբաղմունքներ: Նոյնը կը վերաբերի Հայաստանի երիտասարդութեան, որոնք երբ սփիւռքի որեւէ մէկ օճախ երթային, անպայմանօրէն հայկական միջավայր կը փնտռէին ու կը փափաքէին հայկական դպրոց մը, միութիւն մը կամ եկեղեցի մը այցելել, իսկ այսօր պատկերը ամբողջութեամբ տարբեր է:

Ըսինք, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը հետաքրքրող իրողութիւններէն մէկը ուսումն է: Արդար եւ իրաւ, եւ այդ միայն բարիք կրնայ բերել մեր ազգին: Բայց դժբախտաբար այդ կէտին մէջ ալ խնդիր ունինք, որովհետեւ ուսումը այսօրուան երիտասարդութեան համար զուտ միջոց մըն է՝ չոր ու ցամաք, եւ ո՛չ թէ նպատակ մըն է, որ երազներ հետապնդելու եւ իրագործելու մարմաջը ունի իր մէջ: Այսօրուան երիտասարդը ինքզինք ամէն ինչէ կտրելով՝ հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներէ, այդպիսով կը մօտենայ ուսումին, իր համոզումով, որպէսզի կարենայ կատարեալ ուսում ստանալ: Բայց միթէ՞ կատարեալ ուսում ստանալու ճամբան այդ է: Կարդա՛նք, թէ երջանկայիշատակ Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոսը ի՛նչ կը գրէ այս մասին. «Շատ լաւ է գիտութեան ծարաւը, բայց երբ երիտասարդութիւնը միայն կ՚ուսանի՝ մէկ կողմ ձգելով հոգիին պահանջները անխնամ՝ որպէս երկրորդական եւ անարժէք բան, վախճանը վատ կ՚ըլլայ: Այդ երիտասարդութիւնը երբ բարոյական լուրջ խնդիրներու դիմաց կանգնելու պէտք ունենայ, երբ կարիք ունենայ մաքառելու, ծանր պարագաներէ դուրս գալու, երբ կարիք ունենայ իր փոքրիկ հաճոյքները զոհաբերելու մեծ նպատակներու համար, առնական արիութիւն ցոյց տալու, որ հայրենիքը կը պահանջմէ իրենցմէ, շատերը իրենց թեւերը կը կախեն, կը մեղկանան, կը յուսահատուին, թերեւս ալ նաեւ իրենց կեանքին վերջ կը դնեն»:

Կարծէք մեր օրերուն համար գրուած ըլլան այս տողերը:

Այո՛, եթէ ուսումին մեր ինքնութենէն մերկացած մօտենանք, չսպասենք, որ այդ մերկութիւնը վաղը միւս օր պտուղ պիտի տայ, կամ պարտ ու պատշաճ կերպով պիտի ծածկէ մեր մերկութիւնը: Ինչպէ՞ս ակնկալել գարնան կարկուտէն ոչնչացած ծառի ծաղիկները արդիւնք եւ պտուղ տան:

Այսօր ճիշդ ա՛յդ է, որ կը պատահի: Այսօրուան կեանքին հազար ու մէկ այլանդակութիւններն ու այլասերուածութիւնները կարկուտի նման կը հարուածեն մեր երիտասարդութիւնը, ուժասպառ դարձնելով զանոնք, անատակ որեւէ մէկ նախաձեռնութիւն ձեռք առնելու:

Աւագ սերունդին պարտականութիւնն է, աւելի ճիշդ պարտաւորութիւնն է սատար հանդիսանալ երիտասարդութեան: Պէտք չէ սպասել, որ երիտասարդութիւնը ամբողջութեամբ ուժասպառ դառնայ, նոր միայն օգնութեան ձեռք մեկնել անոր, ընդհակառակը, ուժ եւ առնականութիւն պէտք է ունենայ աւագ սերունդը կարկուտի տարափին տակ կանգնիլ՝ պաշտպանելու համար երիտասարդութեան, որպէսզի մեր ազգի ապագան պայծառ ու պտղալից ըլլայ, այլապէս պիտի վերածուինք անապատի մը, ուր ո՛չինչ կարելի է գտնել…:

Գուրգուրանք մեր երիտասարդութեան: Ականջ տանք անոնց, լսենք զիրենք, պէտք եղած թելադրութիւններն ու խրատները տանք անոնց, որպէսզի կարենան մեր ազգի նաւը լաւագոյնս կառավարել՝ առանց դժուարութիւններու, աւելին, երբ փորձանքներու ու ալիքներու հանդիպի մեր նաւը, հմտութեամբ ու արիութեամբ կարենան յաղթահարել այդ բոլոր փորձանքները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024