Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
«ՌԷԱՆԻՄԱՆԻԱ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ «Ռէանիմանիա» փառատօնը, որ 16-րդն է իր տեսակին մէջ։ Անիմասիոն ժապաւէններու այս միջազգային փառատօնը արդէն ձեւաւորուած նախընթացներով միշտ ուշագրաւ է գեղարուեստասէրներուն համար։ Փառատօնի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Շարժանկարի տան երդիքին տակ։
Երեկոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան եւ փառատօնի հիմնադիր Վրէժ Քասունի։
16-րդ «Ռէանիմանիա»ի շրջանակներէն ներս, որպէս բացման գործ՝ ցուցադրուեցաւ «Հոսք»ը, որու հեղինակն է Օսքարի մրցանակին արժանացած արուեստագէտ Զիլպալոտիս։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024