ՀԱՄԱՏԵՂ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակի՝ Իսթանպուլի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ համատեղ հռչակագիր մը։ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներուն կողմէ թողարկուեցաւ այս համատեղ հռչակագիրը, որու մէջ ընդգծուած է տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան նպաստը՝ երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման ու կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Հռչակագրին մէջ մատնանշուած է նաեւ, որ երկխօսութեան միջոցաւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան աջակցելու կարեւորութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ նախարարները որոշած են ուսումնասիրել փոխադրութեան, կապի, առեւտուրի, ուժանիւթի, ներդրումներու ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։
«3+3»ի երկիրները վերահաստատեցին իւրաքանչիւրի ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը, ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքը, տարածքային ամբողջականութեան անքակտելիութեան կարեւորութիւնը։
Հարթակի մասնակիցները համաձայն են, որ երկկողմանի բանակցութիւնները պիտի լրացնեն այն բազմակողմանի խորհրդակցութիւնները, որոնք ուղղուած են տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան եւ տնտեզական զարգացման։
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ հարթակի դռները միշտ բաց են Վրաստանի համար։