ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ՃԱՇԱՍԵՂԱՆ
Քաղաքական գործիչ Մուսթաֆա Սարըկիւլի կազմակերպութեամբ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն անդամները անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալուեցան «Փելիթ» ծաղարանի սեփականատէր Սելահատտին Այանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։ «Փելիթ»ի Էսէնեուրտի արտադրամասին մէջ տեղի ունեցաւ այս հիւրասիրութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը եւ հոգեւոր հայրերը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան ճաշասեղանի մը շուրջ, իսկ աւելի վերջ շրջայց մը կատարեցին գործարանային համալիրէն ներս։
Հիւրասիրութեան աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը եւ հոգեւոր հայրերը հրաժեշտ առին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Սարըկիւլին եւ Այանին։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024