ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԱՆՑՔ
Ռուսաստանի տանտիրութեամբ, Քազան քաղաքէն ներս ընթացքի մէջ է BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովը, որ այս օրերուն միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը մասնակցի այս գագաթաժողովին՝ մանաւանդ, որ Թուրքիա կը փափաքի անդամակցիլ BRICS-ին։ Քազանի մէջ նախատեսուած է նաեւ Էրտողանի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ կը մասնակցի այս գագաթաժողովին, որուն ընդառաջ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, իր խօսքով՝ եթէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան միանան BRICS-ին, ապա այս պարագան կրնայ դրական ազդեցութիւն գործել անոնց յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ Քազան ժամանած է, միջազգային հաւաքականութեան այլ բազմաթիւ յառաջատար դէմքերուն առընթեր։ BRICS-ի յառաջատար երկիրներէն Չինաստանի նախագահը Շի Ծինփինկ յայտնեց, որ այս կազմակերպութիւնը աշխարհի վրայ բազմաբեւեռ համակարգի մը ձեւաւորման գործօն է։ Հարկ է նշել, որ Քազանի մէջ տեղի ունեցաւ Փութին-Ծինփինկ հանդիպումը։
Իր կարգին, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան համոզուած է, որ BRICS-ը ելք մըն է ամերիկեան ամբողջատիրութենէն։ Փեզեշքիան մասնաւորապէս կանգ առաւ ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու ակնկալութիւններուն վրայ։