ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ TUSAŞ-Ի ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՎՐԱՅ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. 5 ՆԱՀԱՏԱԿ

Երէկ, Անգարայի մէջ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը, որ ցնցեց ամբողջ Թուրքիան։ Այսպէս, ահաբեկչական յարձակում մը գործուեցաւ Թուրքիոյ օդագնացութեան եւ անջրպետի արդիւնաբերութեան ընկերութեան (TUSAŞ) վրայ։ Դժբախտաբար դէպքը խլեց 5 նահատակ, կայ նաեւ 22 վիրաւոր։ Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, այս դէպքի թիւ մէկ կասկածեալը ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնն է։

 Կէսօրուան ժամերուն երկու ահաբեկիչ յարձակման անցաւ TUSAŞ-ի կեդրոնին վրայ։ Նախ հրացաններով անոնք կրակ բացին ու ներխուժեցին համալիրէն ներս։ Կին ահաբեկիչը ինքզինքը պայթեցուց, իսկ միւսը բախման մէջ մտաւ անվտանգութեան մարմիններուն հետ եւ ի վերջոյ սպաննուեցաւ։ Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ողնայարը կը համարուի TUSAŞ-ը, որու վրայ գործուած յարձակումէն վերջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ ամէն տեսակ ահաբեկչական սպառնալիքի եւ զայն խրախուսողներու դէմ պայքարը պիտի շարունակուի ամբողջական եռանդով։ Իր խօսքով՝ այս յարձակումը գործուած է լիարժէքօրէն անկախ Թուրքիոյ տեսլականին դէմ եւ չարութեան լծակները երբեք պիտի չկարողանան հասնիլ իրենց նպատակին։

Թուրք զինեալ ուժերը եւ ՄԻԹ-ը երէկուան այս դէպքէն վերջ գործողութիւններ կատարեցին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը, ՄԱԿ-ը եւ ՆԱԹՕ-ն պախարակեցին երէկուան յարձակումը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2024