Հայութեամբ Բաբախողներու Սփիւռքը Հայաստանի Կամրջած Վահագն Յովնանեան Ոչ Եւս Է

Ե­րե­ւան: Իր ա­նու­նը կրող կա­ռու­ցուող թա­ղա­մա­սի տան մէջ կամ ճա­շա­րա­նը յա­ճախ միա­սին ե­ղած էինք Վա­հագն Յով­նա­նեա­նի հետ: Ար­տա­կարգ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րուն հա­մար հայ­րե­նի­քը եւ ա­նոր կա­ռու­ցու­մը ո՛չ լու­սան­կար էին, ո՛չ ճառ, այլ՝ կեան­քի ա­րա­րում: Պարզ եւ հա­մեստ այս հա­յը ա­մէն ա­ռի­թով կ՚ը­սէր, որ հայ­րե­նիք պէտք է գալ, հաս­տա­տուիլ: Իր յա­ջո­ղու­թեան բո­լոր բա­րիք­նե­րը կրնար վա­յե­լել Ատ­լան­տեա­նի գե­ղա­ծի­ծաղ ա­փի պերճ ու շքեղ տան մէջ, ուր հան­գիստ կեան­քի բո­լոր պայ­ման­նե­րը ու­նէր: Բայց ե­կած էր հայ­րե­նիք: Հայ­րե­նալք­ման հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ:

Ե­կած էր Հա­յաս­տան՝ մնա­լու, ար­մա­տա­ւո­րուե­լու, ոչ միայն իր ան­ձով, այլ՝ ար­մա­տա­ւո­րե­լու համար ու­րիշ­ներ ալ: Պատ­մեց, որ այս գե­ղե­ցիկ թա­ղա­մա­սը կա­ռու­ցուած է Ե­րե­ւա­նի աղ­բա­նո­ցին վրայ: Ինչ­պի­սի սի­րով եւ յանդգնու­թեամբ հոն կա­ռու­ցած է գե­ղե­ցիկ եւ ա­պա­գա­յին նա­յող թա­ղա­մաս մը: Օ­րի­նա­կե­լի Վա­հագն Յով­նա­նեան, որ իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ աս­պա­րէզ կար­դա­ցած է բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կրնան իր ը­րա­ծը ը­նել եւ չեն ը­ներ:

Բա­րո­յա­կան յանդգ­նու­թիւն է չբա­ւա­րա­րուիլ խօս­քով եւ տալ ան­ձին օ­րի­նա­կը:

Վա­հագն Յով­նա­նեա­նի ի­րա­պէս կը պատ­շա­ճի բա­րի մար­դու համ­բա­ւը, բա­րե­րա­րի լու­սապ­սա­կը, թէեւ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն այդ բա­ռին ի­մաս­տը նուա­զուր­դի են­թար­կուե­ցաւ:

Նիւ Եոր­քի հա­յե­րը կը պատ­մեն, որ Վա­հագն Յով­նա­նեա­նի տան դռնե­րը միշտ բաց ե­ղած էին մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րու առ­ջեւ, եւ ան սա­տար հան­դի­սա­ցած էր մշա­կու­թա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու: Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ շա­րու­նա­կած էր զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ մշա­կոյ­թի:

Սու­րիա­կան տագ­նա­պին պատ­ճա­ռով Ե­րե­ւան հա­սած ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար բնա­կու­թեան պայ­ման­ներ ստեղ­ծած էր՝ ա­ռանց ժո­ղով­նե­րէ եւ յանձ­նա­խում­բե­րէ անց­նե­լու:

Իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը սնա­պար­ծու­թեան չէր վե­րա­ծած Վա­հագն Յով­նա­նեան: Հա­ճե­լի խօ­սա­կից էր: Կը սի­րէր հա­յե­րէն եր­գը: Դեռ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ ի­րեն այ­ցե­լու­թեան գա­ցինք, ար­դէն ծանր հի­ւանդ էր: Երբ աչ­քե­րը բա­ցաւ, զա­նա­զան խօս­քեր ը­սաւ, բայց նաեւ հա­յե­րէն եր­գեց, եր­գեր, ո­րոնք ի­րեն ըն­կե­րա­ցած էին Ի­րա­քէն Ա­մե­րի­կա եւ Հա­յաս­տան:

Գոր­ծի մարդ էր Վա­հագն Յով­նա­նեան: Նիւ Ճըր­զիի մէջ իր ա­նու­նը կրող ար­դիա­կան հայ­կա­կան վար­ժա­րան կայ՝ ժա­մա­նա­կա­կից սար­քա­ւո­րում­նե­րով օժտուած: Այդ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րէն խումբ մը, ու­սուց­չու­հի­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ,  ե­կած էր Հա­յաս­տան, Ապ­րիլ 24-ին: Իր հիւրն էին: Խում­բը իր թա­ղա­մա­սը հիւր ե­կած էր: Հրա­ւի­րած էր նաեւ բա­րե­կամ­ներ: Իր սա­նե­րը հա­յե­րէն կը խօ­սէին եւ հա­յե­րէն եր­գե­ցին, ա­մե­րի­կա­ծին տղաք եւ աղ­ջիկ­ներ, եւ իր աչ­քե­րուն մէջ կը կար­դա­ցուէր եր­ջան­կու­թեան ու­րա­խու­թիւ­նը:

Ե­րազ­ներ ու­նե­ցող եւ ե­րազ­նե­րը կեան­քի վե­րա­ծող ի­րաւ մեծ հայ էր Վա­հագն Յով­նա­նեան, ո­րուն հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը հե­ռուն նստած յու­զուո­ղի սէր չէր, այլ ան­ձի ներդ­րում էր:

Մեր զրոյց­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին հարց տուի, թէ ինչ­պէս պի­տի շա­րու­նա­կուէր իր մեծ գոր­ծը: Ը­սաւ, թէ Նի­նան՝ իր աղ­ջի­կը, պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծը, որ իր ա­մուս­նին եւ եր­կու աղ­ջիկ­նե­րուն հետ կը բնա­կի իր տու­նէն քա­րըն­կէց մը հե­ռու: Ան ալ Ա­մե­րի­կա­յի ճո­խու­թիւն­նե­րէն հրա­ժա­րած եւ ե­կած էր հայ­րե­նիք:

Յա­ճախ ը­սած եմ, որ մա­հէն ետք ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը կ՚ապ­րին: Բայց ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ պէտք է ու­նե­նալ, որ­պէս­զի ապ­րին: Հռո­մէա­ցի­նե­րը ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը կը սահ­մա­նէին որ­պէս հո­գիի ուժ:

Վա­հագն Յով­նա­նեան հռո­մէա­ցիի հո­գե­կան հզօ­րու­թիւն ու­նե­ցաւ: Իր թա­ղա­մա­սը ման­րան­կար քա­ղաք պի­տի ըլ­լայ՝ իր դպրոց­նե­րով եւ կեան­քով:

Ինք կեանք տուաւ այդ անբնակ վայ­րին: Այդ վայ­րը, իր կեն­դա­նի պատ­գա­մով, պի­տի ըլ­լայ Վա­հագն Յով­նա­նեա­նի շա­րու­նա­կուող կեան­քը, ո­րուն ծա­ռու­ղի­նե­րէն դի­տեց ե­րա­զա­յին Ա­րա­րա­տը: Իր ե­րա­զած քա­ղա­քը ի­րա­կա­նու­թիւն է այ­սօր, իր կա­րօ­տի աչ­քե­րուն մէջ ե­ղած Ա­րա­րատն ալ օր մը կ՚ըլ­լայ հա­յու ի­րա­կա­նու­թիւն:

Օ­րի­նա­կե­լի Վա­հագն Յով­նա­նեան:

Ա­նոնք, ո­րոնք կը սգան իր կո­րուս­տը, պի­տի ու­նե­նա՞ն, կ՚ու­նե­նա՞ն իր ի­րաւ եւ ան­խար­դախ հայ­րե­նա­սէ­րի հռո­մէա­ցիի ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը: Քա­նի որ յի­շե­ցինք հռո­մէա­ցի­նե­րը, յի­շենք նաեւ ա­նոնց զի­նուո­րի խօս­քը՝ վա­հա­նի ե­տին կամ վա­հա­նի վրայ: Վա­հագն Յով­նա­նեան հա­յու վա­հա­նին ե­տին մնաց եւ մեզ­մէ կը բաժ­նուի վա­հա­նին վրայ, մեր­ժե­լէ ետք օ­տար եւ օ­տա­րաց­նող եր­կին­քը, մեր­ժում՝ որ ա­ռա­քի­նու­թիւն կը պա­հան­ջէ:

Միշտ պէտք է կրկնել՝ օ­րի­նա­կե­լի:

Մեծ յե­ղա­փո­խա­կա­նի կտակ-խօս­քը պէտք է յի­շել՝ գործն է միայն կեն­դա­նի:

Եւ… Վա­հագն Յով­նա­նեան կ՚ապ­րի:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

2 Սեպ­տեմ­բեր 2015, Փա­րիզ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015