ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ «ԳՆՈՐԴ» ՉԿԱ՞Յ...
«Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրով օրերս տեղի ունեցած համաժողովի ընթացքին, կառավարութեան ղեկավարը կրկին խօսեցաւ այն դրոյթներուն մասին, որոնց քանիցս անդրադարձած է տարբեր առիթներով։ Ահա՛, երկու օրինակ այդ հայեցակարգերէն.
ա) «Հայաստան պատրաստ է կապուղի տրամադրել թէ՛ կազամուղներուն, թէ՛ նաւթամուղներուն եւ թէ ելեկտրագիծերուն համար»։
բ) «Հայաստան նպատակ չունի իր սեփական տարածքները Ատրպէյճանի գրաւումէն ռազմական ճանապարհով ազատագրելու»: Ըստ երեւոյթին, այդ հարցը ինքնաբերաբար սահմանագծման-սահմանազատման ընթացքին կը լուծուի: Սա, ի հարկէ, մոլորութիւն է:
Ու մինչ Հայաստանի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի նիւթով երեւանեան համաժողովին կը յայտնէր, թէ Հայաստան այսօրուընէ պատրաստ է կապուղիներու ապահովման գործնական աշխատանքը սկսիլ, իր խմբակիցները, չեն բացառեր Ատրպէյճանի հերթական ներխուժումը Հայաստան՝ նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-էն ետք։ Աւելին, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան միջազգային հարթակներէն նոյնիսկ հայկական կողմի մտահոգութիւնները կը փոխանցէ՝ բացէ բաց յայտարարելով, թէ Ատրպէյճան նոր ռազմական գործողութիւններու կը պատրաստուի։
Ի՞նչ կրնան նշանակել Հայաստանի պաշտօնատար դէմքերուն այս իրերամերժ դիրքորոշումները արտաքին քաղաքական խճանկարի հենքին. մէկը խաղաղութեան ու կապուղիներու ապաշրջափակման պատրաստակամութեան մասին կը խօսի, միւսը՝ Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական հնարաւոր ռազմական ոտնձգութիւններուն: Շատ փորձագէտներ միմեանց հակասող այս յայտարարութիւնները իշխանութեան ներսը առկայ տարաձայնութիւններու վկայութիւն չեն համարեր, ընդհակառակը, այդ հեղինակներու կարծիքով, ատոնք փոխլրացնող խօսոյթներ են, գուցէ նաեւ՝ կանխաւ պայմանաւորուած:
Գործող իշխանութիւնները լաւ կը հասկնան, որ COP29-էն ետք Ատրպէյճան, Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի համաձայնութեամբ, կրնայ յարձակիլ Հայաստանի վրայ՝ թրքական աշխարհի միաւորման գաղափարը իրագործելու հեռահար նպատակով, որ ուղղուած է Իրանի, Ռուսաստանի, ինչ-որ չափով նաեւ Չինաստանի դէմ՝ Կեդրոնական Ասիան վերահսկելու համար։ Եւ այդ պատճառով է, որ մեր «խելօքները» նմանատիպ յայտարարութիւններ կ՚ընեն՝ ցոյց տալու համար, որ Հայաստան համաձայն է ամէն ինչի, պատրաստ է ամէն քայլի երթալ, հետեւաբար՝ հակառակորդը յարձակման օրինակարգութիւն չունի (թէպէտ խոշոր խաղացողներու համաձայնութեան պարագային, այդ օրինակարգութիւնը ոչ ոքի կը յուզէ):
Տարածագօտիի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ծիրէն ներս, այժմ նաեւ Սիւնիքն է՝ Փաշինեանի հեղինակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ով: Այդ հատուածին վերաբերող հիմնական քննարկումները, որոնց Հայաստան չի մասնակցիր, հաղորդակցութեան միջոցներուն եւ մասնաւորաբար՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերահսկողութեան հարցի շուրջ կը ծաւալին: Միջանցքին կը յաւակնի թէ՛ Արեւմուտքը, թէ՛ Թուրքիան, եւ թէ նոյնիսկ, Ատրպէյճանը՝ որպէսզի ճանապարհի նկատմամբ Ռուսաստանն ու Իրանը հսկողութիւն չունենան: Ոչ ոք Հայաստանի կարծիքը կը հարցնէ, իսկ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի «գնորդ», կարծես թէ, չկայ:
Ինչ կը վերաբերի Քաղաքացիական պայմանգրի բարձրաստիճան իշխանաւորներու վերոյիշեալ հակասական յայտարարութիւններուն, ատոնք ոչ այլ ինչ են, քան՝ ուղղակի անզօրութեան ճիչեր, վեց տարի շարունակ սխալ վարուող քաղաքականութեան տրամաբանական հետեւանք:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի