ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՆԵՐԸ

Երեւանի Մատենադարանը վերջերս օժտուեցաւ ձեռագրերու կենսաքիմիական հետազօտութեան տարրալուծարանով մը։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է Հայաստանի «Արարատպանք»ի աջակցութեամբ։ Տարրալուծարանի բացումը տեղի ունեցաւ՝ Մատենադարանէն ներս կազմակերպուած «Յիշողութեան կերպարանքները» միջազգային տարեկան եռօրեայ գիտագործնական գիտաժողովի շրջանակներէն ներս, որ 13-րդն էր իր նմաններու շարքին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Արարատպանք»ի խորհուրդի նախագահ Գրիգոր Յովհաննիսեան այս առթիւ ըսաւ, որ Մատենադարանը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի առաքելութիւնը՝ ստեղծել գիտելիք, իմաստութիւն, նաեւ պահպանել, գրի առնել, յաջորդ սերունդին յանձնել եւ հոգ տանիլ, որպէսզի այդ ժառանգութիւնը պահպանուի։ Ան մեծապէս գնահատեց աշխատանքը այն ազգանուէր անձերու, որոնք իրենց վստահելի ձեռքին մէջ կը պահեն հայոց հաւաքական յիշողութիւնը։ Ըստ Յովհաննիսեանի՝ իր ղեկավարած դրամատունը երախտապարտ է Մատենադարանին ու երջանիկ է՝ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ազնուագոյն գործին առընչակից դարձած ըլլալով։ Ան հաստատեց համագործակցութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը եւ յոյս յայտնեց, թէ դրամատունը ապագային եւս կ՚ըլլայ Մատենադարանի բարեկամներու շարքին։

«Այս ժառանգութիւնը հաւաքուած է շատ դաժան պայմաններու ներքեւ՝ վանականներու, գաղթականներու եւ բարերարներու միջոցաւ, իսկ հիմա արդէն մեր ազգի լաւագոյն ներկայացուցիչները այստեղ խնդիր կը լուծեն թեքնիքապէս։ Խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն հայկական մշակութային ժառանգութեան։ Անձնական օրինակով կրնամ ըսել, որ տարիներ առաջ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէկ հատուածը ուսումնասիրած եմ՝ միայն Մատենադարանէ ներս պահպանուած արաբական մատենագրութիւններու միջոցաւ։ Մատենադարանը այսօր մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարց կը լուծէ նաեւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս. օրինակ՝ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան մէջ մոռացութեան մատնուած ասորական մատենագրութիւնները վերականգնելու առումով։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ՝ որպէս նախկին միջազգայնագէտ», ըսաւ ան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2024