Արա Ազատ Մասնակցեցաւ «Լեսլի» Համալսարանի Ցուցահանդէսին
Մեսեչուսեցի «Լեսլի» համալսարանի «Լենտըր» արուեստի կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շրջանի աւելի քան յիսուն արուեստագէտներու գործերու հաւաքական ցուցահանդէսը: Անոնց կարգին էր արուեստագէտ Արա Ազատ:
«Ին-Սայթ» («In/Sight») անունը կրող այս ցուցահանդէսին ներկայացուեցան գեղանկարներ, լուսանկարներ, «քոլաժ»ներ, քանդակներ եւ այլ արդի միջոցներով պատրաստուած գործեր: Այնտեղ ցուցադրուեցան Արա Ազատի ծրարով հասցէագրուած գործերը, որոնց կարգին էին 24 Ապրիլ, 2015-ին յղուած, հարիւրամեակին առթիւ պատրաստուած զանազան գործեր:
Արա Ազատի համար յստակ է, թէ արուեստագէտի մը գործերը ինքնատիպ ու ինքնուրոյն են. գրիչով ու ներկով ներկայացուած մտայղացումներուն արժէքը ո՛չ մէկ ձեւով կարելի է նիւթական ու շօշափելի սահմաններու մէջ ամփոփել, որովհետեւ անոնք շատ աւելի բարձր են եւ ունին խոր իմաստ:
Արա Ազատ Պարսումեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոսթընի գեղարուեստի թանգարանի հիմնարկին մէջ: Փոքր տարիքէն անոր գործերը ցուցադրուած են կարգ մը երկիրներու մէջ: Ան երկար տարիներ աշխատած է Մեսեչուսեցի, Քընեթիքըթի եւ Մէյնի մէջ՝ միջավայր մը, որուն հետ կրցած է շարունակ քայլ պահել: Յատկապէս Մեսեչուսեցը Արա Ազատի համար բարենպաստ միջավայր մըն է, մանաւանդ ժամանակակից արուեստի համար: Ան կը պատկանի այն դպրոցին, որ դասական եզրերը կը փոխէ եւ արտայայտութեան նոր, շարժումով լեցուն արուեստ ստեղծելու միտումով ստեղծուած մտա-յըղացքային արուեստը կու գայ քարացած իրերը շարժելու, անոնց մէջ կեանք ու կենդանութիւն ներարկելու: Այն, որ ծանօթ է Արա Ազատի գեղանկարչական ուղղութեան, արդէն կրնայ պատկերացնել զայն՝ ինքնամոռաց տրուած նկարչութեան, ստեղծագործելով ցուցահանդէսին ընթացքին, ուղղակի այցելուներու ներկայութեամբ: