ՄԱՐԴԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻ՞Ն ԷԱԿ, ԹԷ ՀԱԿԱՌԱԿԸ

Մարդը աշխարհի ամենաեզակի եւ տինամիք մէկ տարրն է։ Անկասկած մարդը նաեւ ընկերային էակ մըն է, կը մտածէ հաւաքական կեանքի բարւոքութեան եւ այլ հաւաքականութիւններու հետ կամուրջներ կառուցելու մասին։ Թէ՛ համերաշխութեան եւ թէ համագործակցութեան գործընթացներու պարագային առկայ է նաեւ առանձնութիւնը, որմէ մարդիկ կը փորձեն խուսափիլ՝ միասնական ըլլալու ջանալով, առանձին ըլլալու զգացումէն յառաջացած տխրութիւնը ուրախութեան վերածելու ճանապարհը որոնելով։ Միւս կողմէ, մեկուսացած մարդը կ՚ապրի եւ իր մինակութիւնը, ուրախութիւններն ու տխրութիւնները կ՚իմաստաւորէ այլ մարդոց հետ, հաւաքականութեան ներքեւ։ Արիստոտելի խօսքով՝ մարդը քաղաքական կենդանի մըն է, հաւաքականութեան էակ, հաւաքականութեան մէջ ապրելու պայմանաւորուած էակ։

Թէկուզ մեկուսացած մարդը տեղեակ է շրջապատի այլ մարդոց զգացումներուն, մտածումներուն, ցաւերուն, վիշտերուն, ուրախութիւններուն եւ իր նմաններուն հետ կը բաժնէ զանոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն, ան երբեք չի կրնար ամբողջովին առաձին ըլլալ։ Հասկցուիլ ուզել եւ չհասկցուիլը, միանալ փափաքիլ եւ չկարենալը, պատմել ուզել եւ չիմացուիլը՝ կրնան խրախուսել մեկուսացումը, սակայն մեկուսացումն ու առանձնութիւնը ամբողջովին տարբեր են։

Կարելի է ըսել, որ մեկուսացումը անջատուածութեան զգացում է, որ կը յառաջանայ ո՛չ թէ յարաբերութիւններու բացակայութենէն, այլ՝ դժգոհութենէն։ Եթէ մարդ խորապէս կը զգայ, թէ զինք չեն ընդունիր, կարիք չեն զգար իրեն եւ կը բացառուի յարաբերութիւններէն, այդ ժամանակ առանձին կը զգայ։ Առանձնութիւնը կը զգացուի ուրիշներու ներկայութեամբ, կարելի է զայն դիմագրաւել տարբեր չափերով եւ խտութեամբ՝ պայմանաւորուած երիտասարդներու եւ տարեցներու, գիւղացիներու եւ քաղաքացիներու, կեդրոնին եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ գտնուողներու կամ ընտանեկան անդամներու տարբեր ակնկալիքներով։ Առանձնութիւնը կորուստի փորձառութիւն է, իսկ մեկուսացումը՝ լքելու։

Երբ կը կարծենք, թէ մարդը ընկերային էակ մըն է, առանձնութիւնը կը նշանակէ անհատի օտարացումը՝ հասարակութեան մտերմութենէ, հարազատութենէ եւ վստահութենէ օտարելու տեսքով։ Եւ ի վերջոյ երբ մարդ կը մոռնայ, թէ ըներային էակ է, կ՚օտարանայ նաեւ ինքն իրեն։ Հասարակութիւններու մէջ ոչ մէկը անփոխարինելի է, բոլորը կարելի է փոխարինել մէկ ուրիշով։ Երբ կը պարտադրուինք կատարել գործ մը, զոր գիտենք, թէ ինչպէս կարելի է լաւագոյնը ընել, բայց կը ստիպուինք պահանջուած ուղղութենէ չշեղիլ, սա լարուածութեան փորձառութիւն մըն է, որ թոյլ չի տար զգալ մեր առարկայականութիւնը, անհատականութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը։ Նման դէպքեր կրնան օտարացնել մենք մեզմէ եւ այլ մարդոցմէ, նաեւ թուլացնել սովորական կապերը մեր ընկերային միջավայրի հետ եւ այս բոլորը պատճառ կը դառնան առանձնութեան։ Պարտադրեալ մտածում կամ պարտադրեալ արտադրում հարկադրանքի կամ պարտադրանքի այլ հիմնական պատճառներն են: Այսօր իւրաքանչիւր անձ, որ չունի ներքին բարձր իւրայատկութիւն եւ ազատութիւն, չի կրնար դուրս գալ տնտեսական համակարգի կազմակերպուած կարիքներու ստեղծման մեքանիզմէ եւ ուղղուած է դուրսէն ապահովելու այն, ինչ որ կը սահմանուի որպէս կարիք։ Նոյնը կարելի է ըսել, երբ ստիպուած ենք մեր որոշ մտածումները կամ գաղափարները ձեւաւորել՝ առհասարակ տեղեկատուութեան միջոցներով։ Երբ մարդ կը կարծէ, թէ տարուած է իր սեփական անձնական կեանքով, չի փափաքիր ըմբռնել զինք բնորոշող հակումները, ձանձրոյթով եւ յոգնածութեամբ կը մօտենայ անոնց, ապա չի կրնար դուրս գալ հասարակութենէն, սովորականութենէն։

Արդարեւ, համացանցի տարածումը՝ մանաւանդ վերջին տարիներուն միլիառաւոր մարդոց կողմէ օգտագործումը կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներէ ներս՝ բջիջային կապի հետ համացանցի սերտացման արդիւնքն է։ Այս շրջանին ընկերային ցանցերու օգտագործման աճը, այս ցանցերու միջոցաւ բոլոր տեսակի հաղորդակցութիւններու սկիզբը կը դիտարկուի՝ որպէս յարաբերակցութեան նոր գործընթաց։ Այս զարգացումները կ՚ազդեն անհատներու հաղորդակցութեան, յարաբերութիւններ ստեղծելու գործընթացներու, ապրելակերպի եւ շրջակայ միջավայրի հետ համագործակցութեան վրայ: Անուրանալի է, թէ իւրաքանչիւր փորձագիտական զարգացում պատճառ կը դառնայ ընկերային եւ հասարակական վերափոխումներու։ Մասնաւորապէս հաղորդակցութեան փորձագիտութիւնները փոփոխութիւններ կը ստեղծեն հասարակութիւններու սովորութիւններու, մշակոյթներու, գործարար կեանքի եւ կրթական համակարգերու մէջ։ Արդիականացման հետ ի յայտ եկած ապրելակերպը կը յանգեցնէ աւանդական հասարակական կարգի անհետացման։ Արդիականութեան բերած վերափոխումները աւելի արդիւնաւէտ եղած են, քան նախորդ ժամանակաշրջաններու յատուկ փոփոխութիւններու ձեւերը։ Այն փաստը, որ անհատները կը հրաժարին հաղորդակցութեան աւանդական ձեւերէն եւ կը սկսին շփուիլ ընկերային ցանցերու միջոցով, սա կը պայմանաւորէ նաեւ ընկերային օտարում եւ մեկուսացում: Ընկերային հաղորդակցութեան լայն կիրառմամբ ժամանակակից մարդիկ չեն կրնար բաւարար ժամանակ գտնել դէմ առ դէմ շփուելու համար:

Հաղորդակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ ակնթարթային, քանի որ ժամանակի եւ տարածութեան հասկացութիւնները կ՚արժեզրկուին: Այս զարգացումներուն զուգահեռ փոխուած են սովորութիւնները, մտքերն ու զգացումները եւ յառաջած են համացանցային կեանք, համացանցային վարք եւ համացանցային մշակոյթ կոչուած հասկացութիւններ։ Այս շրջանակներէն ներս ընկերային կեանքի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները անհատները կը տանին դէպի օտարման եւ մեկուսացման գործընթաց՝ զանոնք ներքաշելով առանձնութեան մէջ։

Երբ ընկերային ցանցերը չեն փոխարիներ դէմ առ դէմ հաղորդակցութիւնը, կարելի է ըսել, որ անոնք կը հարստացնեն ընկերային կեանքը։ Բայց երբ իրական աշխարհին մէջ այդ կը գերազանցէ ընկերային կեանքը, կը սահմանափակուինք համացանցային ընկերային միջավայրով եւ առցանց հաղորդակցութեամբ։ Ժամանակակից հասարակութիւններու առումով, երբ մարդիկ կը դժգոհին ժամանակի սահմանափակումներէն, ընկերային ցանցերը կը համարուին ամենայարմար վայրերը՝ որպէս անհատներու փոխյարաբերութեան նոր միջավայր:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2024