ԱԿՆԱՐԿ - 89 - ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ
Վերջերս հանդիպեցայ լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի հետեւեալ մտածումին. «Ուրիշ ազգեր իրենց չունեցածով գիտեն պարծենալ, մինչ մենք որ պարծենալու ամէն պատճառ ունինք՝ յաճախ չենք իսկ ճանչնար մեր սեփական գանձերը, եւ ատոր համար ալ մեր սիրտերը հեռու կը մնան անկէ, եւ կը կապուին ուրիշ, յաճախ անարժէք բաներու»: Այս մտածումը առիթ տուաւ այսօրուան գրութեանս:
Կարծէք վերի մտածումը մեր ներկան բնորոշող ճշմարտութիւն մըն է: Պահ մը եթէ նայինք մեր ներկային, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, պիտի անդրադառնանք, որ այսօր ազգովին կ՚ապրինք անորոշ վիաճակի մը մէջ: Զիրար մեղադրելն ու զիրար այպանելը դարձած են սովորական: Ամէն յանցանք դիմացինին վրայ բարդելը՝ «օրէնք»ի վերածուած է: Պատասխանատուութենէն փախչիլը «հերոս»ութեան համազօր դարձած է: Եւ այսպէս շարունակ…:
Ազգովին դադրած ենք (չեմ գիտեր եթէ երբեւէ այդ յատկութիւնը ունեցած ենք) համարձակութիւն ունենալ ճշմարտութիւնները բարձրաձայնելու եւ մեր մատը վէրքին վրայ դնել ու այդպիսով դարմանելու, քան թէ վէրքին չորս կողմը դառնալու՝ առանց վէրքին մօտենալու:
Պահ մը եթէ նայինք մեր այսօրը, պիտի տեսնենք որ պարծենալու մէջ վարպետ ենք, բայց չե՛նք գիտեր ինչով կը պարծենանք, որովհետեւ մեր պատմութիւնը չենք գիտեր, չե՛նք ըմբռնած մեր նախնիներուն տարած աշխատանքին եւ իրագործումներուն կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Մեր հաւատքի մասին կը խօսինք, բայց զԱստուած չենք ճանչնար:
Մեր պատմութեան մասին կը խօսինք, բայց մենք մեզ չենք ճանչնար:
Մեր մայրենիի մասին կը խօսինք, բայց մեզմէ շատեր այբբենգիմն անգամ չեն գիտեր:
Մեր մշակոյթի մասին կը խօսինք, բայց մեր արժէքները չե՛նք գիտեր:
Կը պարծենանք, որ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, բայց Քրիստոսի մասին ոչինչ գիտենք. եթէ գիտենք ալ, մեր գիտցածը մակերեսային է: Մակերեսային է, որովհետեւ եթէ այդպէս չըլլար, այսքան չարիք, նախանձ ու ատելութիւն չէր տիրեր մեր մէջ: Մեր հոգեւորականները այսքան անգրագէտ ու անհաղորդակից չէին ըլլար իրենց հօտին հետ, ու նախ եւ առաջ Աստուծոյ հետ:
Կը պարծենանք մեր պատմութեամբ, բայց մեր հայրենիքին սահմանները չենք գիտեր, եւ իւրաքանչիւր դժուարութեան դիմաց կը սկսինք զիջիլ, զիջիլ ու զիջիլ: Կը պարծենանք մեր պատմութեամբ, բայց ո՛չինչ գիտենք մեր պատմութենէն, մեր նախնիներուն անցած ճամբայէն, կարծէք երկու-երեք դարու կեանք ունեցող ժողովուրդ մը ըլլանք: Կը պարծենանք մեր պատմութեամբ, բայց չե՛նք գիտեր, թէ այդ պատմութիւնը ինչպէ՛ս եւ որո՛նք կերտած են:
Կը պարծենանք մեր մայրենիով, բայց պահ մը իջէք Երեւանի փողոցները, ուշադրութեամբ նայեցէք պատերուն եւ ցուցափեղկերուն վրայ, դժուար թէ մի քանի բառ հայերէն գտնէք: Շատ յաճախ կը հանդիպիք հայերէն տառերու, բայց ո՛չ հայերէնի… Ուշադրութեամբ հետեւեցէք ձեր Ե-նամակներուն եկած յայտարարութիւններուն, որոնք հայկական կազմակերպութիւններու, ընկերութիւններու, միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ եկեղեցիներու կողմէ ղրկուած են, մեծամասնութեան մօտ հայերէնը բացակայ է, եւ տուեալ երկրի լեզուն կամ անգլերէնն է գերիշխողը: Մէկ խօսքով, կը պարծենանք մեր մայրենիով, մեր կազմակերպած ձեռնարկներու ընթացքին կը փառաբանենք մեր մայրենին, բայց մայրենիին հետ առնչութիւն չունինք: Շատ յաճախ այստեղ կ՚արտասանենք բանաստեղծութիւն մը՝ մայրենիին նուիրուած, նոյն վայրկեանին իսկ այդ բանաստեղծութեան մասին անգլերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով, ռուսերէնով, եւ այլնով կը սկսինք խօսիլ…
Ի վերջոյ կը պարծենանք մեր մշակոյթով, բայց ոչինչ գիտենք մեր մշակոյթի մասին: Հարուստ ժառանգութիւն ունինք, բայց չես գիտեր ինչու, այդ ժառանգութիւնը ձգած, կը վազենք օտարին ժառանգութեան ետեւէն, ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի ընդօրինակենք օտարինը եւ կ՚ուրախանանք, կը հպարտանանք մեր «ձեռքբերում»ներով…: Սրբազանին բառերով՝ յաճախ չենք իսկ ճանչնար մեր սեփական գանձերը, եւ ատոր համար ալ մեր սիրտերը հեռու կը մնան անկէ, եւ կը կապուին ուրիշ, յաճախ անարժէք բաներու, եւ այս խօսքին վկայութիւնները բազմաթիւ են: Վերջինը Փարաճանովի 100-ամեակին առիթով Երեւանի Օփերայի շրջափակին մէջ կազմակերպուած արգահատանք պատճառող անճաշակ միջոցառումը…
Վերը յիշատակուած իրողութիւնները կու գան փաստելու, թէ ի՜նչ ողբալի վիճակի մը հասած ենք ազգովին:
Ամէն ինչ ունինք արդարօրէն պարծենալու համար, բայց որովհետեւ մենք մեզ, մեր արմատները, մեր նախնիները, անոնց ձգած ժառանգութիւնը չենք ճանչնար, օտարին մեր առաջարկածով կ՚ուրախանանք, մենք մեզ մերկացնելով եւ ծիծաղի առարկայ դարձնելով: Մինչ ուրիշներ, դաշնակից կամ թշնամի, իրենց չունեցածը այնպէս կը ներկայացնեն, այնպէս կը հրամցնեն մարդկութեան, որ պահ մը կը մտածէք, թէ իրապէս յիշատակելի եւ հարուստ անցեալ ու ժառանգութիւն ուենցած են եւ ունին:
Ազգովին վերազարթնելու, զգաստանալու եւ սթափելու կարիք ունինք, որպէսզի օր առաջ մեր մէջքը ուղղենք եւ շարունակենք մեր գոյապայքարը ազգերու պատմութեան թաւալքին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 հոկտեմբեր 2024, Վաղարշապատ