ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման յաջորդած առաջին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն էր այս մէկը եւ այս հանգամանքը բացառիկ նշանակութիւն վերագրեց արարողութեան։ Այսպէս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը համալրուեցաւ վեց նոր սրբազանով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը վեհարանէն ծանրաշուք թափօրով մը առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար՝ մինչ իրեն առընթերակայ էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ներկայ եղան թեմակալ առաջնորդներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, օտարերկեայ դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ եւ այլ հիւրեր։ Մայր Տաճարի մէջ էին նաեւ բազմաթիւ ուխտաւորներ՝ ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ Արժանթինէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն։
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագի ընթացքին եպիսկոպոս ձեռնադրեց՝ Տ. Առէն Վրդ. Շահէնեանը (Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանը (Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Նարեկ Վրդ. Աւագեանը (Արթիկի թեմի առաջնորդ), Տ. Մակար Վրդ. Յակոբեանը (Սիւնեաց թեմի առաջնորդ), Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեանը (Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ) եւ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեանը (Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ)։
Ընծայացուներու խարտաւիլակն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան։
Յիշարժան այս օրուան առթիւ Նորին Սրբութիւնը նորաօծ եպիսկոպոսներուն եւ հաւատացեալներուն տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։
Ձեռնադրութենէն վերջ շարունակուեցաւ Ս. Պատարագը՝ մինչ «Ողջոյնի» պահուն Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ բոլոր եկեղեցականները Մայր Տաճարի Ս. Խորանը բարձրանալով շնորհաւորեցին նորաօծ եպիսկոպոսները։
Ներկայ շաբթուան տեւողութեան նորաօծ բոլոր սրբազանները Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ կը մատուցեն իրենց ուխտի անդրանիկ սուրբ պատարագները։ Այս առաւօտ Տ. Առէն Եպսկ. Շահէնեան պատարագեց Մայր Տաճարի մէջ՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։