ՄԻՋԱՆՑՔ ԲԱՌԸ ՉՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ

Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարեց, որ իր երկիրը դէմ է ամէն ինչի, որ ունի միջանցքի տրամաբանութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը երէկ Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին եւ ըսաւ.

«Մենք չենք փափաքիր այդ բառը օգտագործել։ Համաձայն ենք հաղորդակցութիւններու բացման, եթէ այդ բանը տեղի ունենայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հիման վրայ։ Մենք դէմ ենք որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան»։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024