ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Ե.)
Կարճ ժամանակուան մէջ եկող «յաջողութիւն»ը բախտ է, մինչ երկարաժամկէտ ու յամառ աշխատութեան վրայ հիմնուած յաջողութիւնը կամքի ուժի արդիւնքն է. շատեր ունին այն համոզումը, որ յաջողութիւնը քիչերու տրուած մենաշնորհ մըն է եւ մեծաւ մասամբ այս համոզումը ունին այն մարդիկ, որոնց մօտ կը պակսի կամքի ուժը. համաձայն ենք, որ շատ անգամ իմաստուն շարժում մը մարդը յաջողութեան կը հասցնէ շատ արագ, սակայն աւելիով կը յաջողին անոնք, որոնք իրենց յաջողութիւնները իրենց ունեցած հեռանկարներուն մէջ կը փնտռեն: Այդ իսկ պատճառով կ՚ըսենք, որ յաջողութեան գաղնիքներէն մէկը երկարաժամկէտ տեսլականի մը գոյութիւնն է: Յաճախ մեր մարդկային պէտքերէն մղուած կ՚ուզենք յաջողութիւնը ակըն-թարթի մը մէջ գտնել, որովհետեւ մարդկային տկար մտածումով մենք կ՚ուզենք մեր ներկայի խնդիրները լուծել՝ քան ապագայի հեռանկարը հետապնդել. առօրեայ մտահոգութիւններով տարուիլն ու ակնթարթի մէջ յաջողութեան հասնելու փափաքը, շատ անգամ արգելք կը դառնայ, որպէսզի մարդ մոռնայ իր հեռանկարը եւ ներկային մէջ սահմանափակուի. համաձայն ենք, որ մարդկային առօրեան դժուար է (օր ըստ օրէ աւելի կը դժուարանայ), սակայն պէտք է մտաբերել, որ հակառակ դժուարութիւններու չափին եւ ազդեցութեան, ներկայի բոլոր դժուարութիւնները ժամանակաւոր են. այսօր կ՚ապրինք այդ դժուարութիւններուն ազդեցութիւնը, սակայն գուցէ մի քանի օրեր ետք, կամ շաբաթ մը, ամիս մը ետք կը նկատենք, որ այդ հարցերը լուծուած եւ կամ իրենց ծանր ազդեցութենէն դուրս եկած են, սակայն, վստահաբար, անոնց տեղ եկած են նորերը. եթէ մարդ ուզէ իր ներկայ մտահոգութիւններուն վերջ տալ եւ յետոյ իր ապագայ յաջողութիւնը հետապնդել՝ երբեք պիտի չյաջողի. որովհետեւ յաջողութիւնը դժուարութիւններու մէջ սկսած շատ աւելի ամուր սիւներ կ՚ունենայ՝ քան յետոյ:
Այս միտքը աւելիով պարզելու համար ըսենք հետեւեալը. այսօր կը տեսնենք նիւթապէս ապահով մարդիկ՝ որոնք մեծամեծ գումարներ ունին, սակայն չունին յստակ ծրագիրներ. իսկ անդին կը տեսնենք, որ նիւթապէս թշուառ վիճակի մէջ գտնուող մարդիկ ունին շատ աւելի ծրագիրներ՝ քան նիւթապէս ապահովները. պատճառը պարզ է. շատ մը հարուստներ չունին իմաստութիւնը յստակ հեռանկարներ ունենալու, իսկ միւս կողմէ նիւթապէս անապահով անձ մը, որ ունի յաջողելու կարիքն ու տենչը, ունի ծրագիրներ՝ որոնք զինք դուրս պիտի բերեն իր այդ կացութենէն. այդ է պատճառը, որ շատ մը անյաջողներ իրենց անյաջողութեան պատճառ կը գտնեն իրենց նիւթապէս անապահով ըլլալը. սակայն յաջողութեան հասնելու համար կը կարծէ՞ք պէտք է նիւթական յաջողութիւնը. չէ՞ որ յաջողութիւնը ինքնաբերաբար իր հետ կը բերէ նաեւ նիւթականը:
Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ երազն ու հեռանկարը տարբեր բաներ են, որովհետեւ երազը երեւակայութեան, իսկ հեռանկարը աշխատանքի վրայ հիմնուած ճշմարուտթիւն մըն է. իրականութեան մէջ երազը կարելի է վերածել հեռանկարի, նոյնպէս ալ հեռանկարը՝ երազի, սակայն միշտ ալ անոնց միջեւ տարբերութիւն մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ պիտի յաջողի ան, որ ո՛չ թէ կ՚երազէ, այլ կը գործէ:
Հեռանկարն ու երազը սակայն փոփոխելի են. յաջողութեան ճանապարհորդութեան կէսերուն կարելի է նկատել, որ հեռանկարը ամբողջութեամբ ուրիշ է սկզբնականէն. մարդկային երազներն ու իղձերը եւս նոյնն են. մենք այսօր չենք երազեր այն՝ ինչ կ՚երազէինք գուցէ տարի մը առաջ. այս մէկը առաւելութիւն մըն է, որովհետեւ յաջողութեան ճամբան իր հեռանկարով ինչքան ալ «յստակ» ըլլալ թուի, ընթացքին թերութիւններ կը պարզէ, որոնք ճը-կունութիւն կը պահանջեն. յաջողութեան ճանապարհորդութեան ընթացքին, մանաւանդ հեռանկարները պատրաստելու ժամանակ պէտք է յիշել աւելի քան դար մը հնութիւն ունեցող ժողովրդական խօսքը. «Տան հաշիւը շուկային չի բռներ»: Այս իսկ պատճառով, իւրաքանչիւր երազ, իւրաքանչիւր տեսլական ու հեռանկար միշտ ու միշտ ունի իր զարգացման ենթակայ բաժինները:
Սակայն երազն ու հեռանկարը եւս պարտի ունենալ իր սահմանները, որովհետեւ մարդ իր էութեամբ միշտ աւելիին ձգտելու հիւանդութիւնը ունի եւ եթէ որոշ սահամաններ չունենանք, տեղ մը յաջողութիւնը կրնայ մեծ ձախողութիւններու վերածուիլ. այդ իսկ պատճառով կը կարեւորենք հեռանկար մշակելը. ըսենք, որ հեռանկար մը մէկ օրուան մէջ չի՛ կրնար կազմուիլ. այդ է պատճառը, որ ամէն բան աշխարհի մէջ ժամանակի կը կարօտի. պէտք չէ տարուինք հետեւեալ թերութեամբ. շատ անգամ վայրկենական ծնունդ առած գաղափար մը մեզի համար «անփոխարինելի» կը թուի ըլլալ. շատեր հիմնուելով այդ զգացումներուն արագօրէն քայլեր կը ձեռնարկեն եւ ժամանակ մը ետք, ամբողջ ուժերը սպառելէ ետք կը նկատեն, որ այդ հեռանկարը ունի բազմաթի՜ւ թերութիւններ, ինչ որ զինք առաջնորդած է ձախողութեան: Կը կարեւորենք հեռանկարը, որովհետեւ ան մեր յաջողութեան ճանապարհորդութեան աստղն է, որ մեզի ճամբան ցոյց կու տայ. այս մէկը եւս կարեւոր է, որովհետեւ յաճախ բարձր տրամադրութեամբ կը սկսինք մեր ճանապարհորդութեան, սակայն ժամանակ մը ետք կը նկատենք, որ ամբողջութեամբ հեռացած ենք մեր հեռանկարէն եւ տարուած նորերով:
Յաջողութեան հասնելու համար պէտք է ունենալ կամք ու հաստատամտութիւն. իմաստուն մարդիկ կրնան բազմաթիւ գաղափարներ ունենալ, սակայն պէտք է ընտրել մէկը, զարգացնել ու յաջողցնել եւ ապա անցնիլ միւսին, որովհետեւ կեանքի փորձառութիւնը կը փաստէ, որ ծանրաբեռնուած մտածումներն ու հեռանկարները արգելք են յաջողութեան: Հաւատացէ՛ք, որ ժողովրդական առածներն ու խօսքերը, հակառակ իրենց հնութեան, կեանքի մեծագոյն դասերն են. լսա՞ծ էք չէ այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Մէկ ձեռքով տասն ձմերուկ չի բռնուիր». այդ իսկ պատճառով հեռանկարները կարգաւորելով պէտք է ձմերուկները մէկ առ մէկ բռնել՝ որպէսզի չըլլայ թէ իյնան ու կործանին:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Նպատակ ու երազ նոյն բա՞նն են:
Պատասխան. Նպատակն ու երազը կապուած են, սակայն նոյնը չեն. երազը տեսլական է. երազողը յոյս ունի ապագային որոշ նպատակի մը հասնելու, ցանկութիւն մը, որ չունի յստակ իրականացման ճամբայ: Ի տարբերութիւն երազին, նպատակը կ՚ունենայ յստակ ծրագիր եւ յաջողութեան հասնելու չափելի քայլեր: Երազանքը կրնայ ներշնչել նպատակի իրագործման, սակայն նպատակը իրականութիւն կը դառնայ ո՛չ թէ երազելով, այլ՝ յստակ կառուցուածքով եւ քայլերով: Էութեան մէջ երազանքը ինքնասիրութիւնն ու փառասիրութիւնը կը հետապնդէ, իսկ նպատակը՝ յաջողութեան յստակ ճամբան ու քարտէսը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024