ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ Կալկաթայի եկեղեցական վարչութեան եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տնօրէնութեան համատեղ հրաւէրով։ Ըստ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի հաղորդումներով՝ Վեհափառ Հայրապետին հետ են իր գաւազանակիրն ու շարք մը մասնագէտներ։ Նորին Սրբութեան ուղեկից մասնակիցները Կալկաթայի հայկական եկեղեցւոյ կարիքներու դիմագրաւման իրենց նպաստը պիտի բերեն՝ ասեղնագործութեան եւ որմնանկարներու վերականգնման գծով։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան երէկ յայտնեց, որ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու փրկութեան հարցով այցելած է Վեհափառ Հայրապետին։ «Գերիներու հարցով ես անձնապէս ալ զբաղած եմ։ Նշած եմ, որ հնարաւորութիւն կը տեսնեմ եկեղեցւոյ միջոցաւ արդիւնք արձանագրելու։ Ես այցելեցի վեհարան, այդ առաջարկով հանդէս եկայ», ըսաւ ան։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Անդրանիկ Քոչարեան նշեց, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը չէ մերժած այդ առաջարկը։ «Հիմա չեմ կրնար գնահատել արդիւնքը, յետոյ կը տեսնենք», դիտել տուաւ ան՝ խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։
Եկեղեցական
- 11/26/2024